ՄԵՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
By: Ardziv Magazine | Posted on: 11.07.2012Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Դեկտեմբեր 1993 թուականի «Արծիւ» պաշտօնաթերթի այս խմբագրականը յարմար նկատեցինք վերահրատարակել, մեր սիրելի ընկեր-ընկերուհիներուն եւ յարգոյ ընթերցողներուն անգամ մը եւս յիշեցնելու եւ հաստատելու Արցախի գոյամարտի անժամանցելիութիւնը, այն խոր հաւատքով որ Արցախը կը մնայ Հայապատկան եւ օր մը արդարօրէն մաս կը կազմէ անկախ Հայաստանին:
Սրբազան առաքելութիւն
Արցախի ազատագրական պայքարը նոր հանգրուան մը թեւակոխած է: Այսօր, թշնամին ամէն միջոցի կը դիմէ՛ որպէսզի ճզմէ արցախահայութեան պահանջատիրութեան երթը: Սակայն, Արցախի քաջարի ազատամարտիկներու դիմադրութեան եւ վճռական հակահարուածներուն հանդիպելով՝ թշնամին խուճապահար փախուստի կը դիմէ:
Արցախեան դիւցազներգութեան հնգամեայ ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ ազատագրական տենչով, միացման հաւատքով, զոհաբերութեան ոգիով եւ նահապետական սկզբունքներու վսեմ օրինակով:
Դարաւոր գաղափարի նոր նուիրեալներ, նոր զինուորագրեալներ, նոր նահատակներ եկան քանդակելու սահմանները մեր ժողովուրդի երազած ամենամեծ արժէքին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին, որուն գոյութեան ի խնդիր շատեր ինկան երէկ՝ Սասունի, Մուշի, Վանի, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ, շատեր կ՛իյնան այսօր Մարտունիի, Հաթրութի, Ասկերանի, Մարտակերտի, Շահումեանի, Գետաշէնի, Երասխաւանի եւ Գորիսի մէջ, եւ շատեր կ՛ուխտեն իյնալ վաղը՝ միւս բռնաբարուած հողերուն վրայ:
Այսօր բոլոր նուաճումները կ՛արձանագրուին, շնորհիւ անձնուէր ազատամարտիկներու հերոսական սխրանքներուն եւ նահատակութեան թանկ արեան: Օրհասական կռիւներու ընթացքին, իրերայաջորդ նահատակներ կ՛իյնան Արցախի պաշտպանութեան սրբազան առաքելութեան ճամբուն վրայ:
Հայրենանուիրման եւ զոհողութեան ճամբէն, ուրկէ քալեցին Հայ ազատագրութեան մեծ հերոսները, Վարդաններն ու Վահանները, Իսրայէլ Օրիներն ու Դաւիթ Բէկերը, Գէորգ Չաւուշներն ու Սերոբ Աղբիւրները, Բաբգէն Սիւնիներն ու Արամ Մանուկեանները եւ բազում անձնուրացներ, հասնելու համար Թաթուլ Կրպէյեաններու, Բեկոր Աշոտներու, Արթիւր Կարապետեաններու, Սիմոն Աչըգկէօզեաններու, Վարդան Բաշխեաններու, Վիգէն Զաքարեաններու եւ Մհեր Ջուլհաճեաններու, որոնք քալեցին Հայ ազատագրութեան ճամբէն:
Արցախի ազատագրական պայքարը այլեւս ետ դարձ չի ճանչնար: Ա՛յս կը պատգամեն մեր նորօրեայ նահատակները:
Արցախի պայքարը համա՛յն Հայութեան պայքարն է:
Արցախի նահատակները համա՛յն Հայութեան նահատակներն են:
Երիտասարդականի նոյն յանձնառութեամբ՝ ապրի՛նք անոնց նահատակութեան խորհուրդով եւ յաւերժ պահենք անոնց յիշատակը:
«Արծիւ», Դեկտեմբեր 1993