Ներկայ Հայրենիք

By: | Posted on: 03.01.2012

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

1920 թուականին Հայաստանը հինգ տարի ցեղասպանութիւնէն յետոյ խորհրդայնացաւ: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, հանրաքուէի մեծամասնութեամբ Հայաստանը վերանկախացաւ:

 

Այսօր, 20 տարի յետոյ, Հայաստանը տակաւին կը գտնուի զարգացման փուլին մէջ:

 

Ընդհանուր առմամբ, վերջին 20 տարիներու ընթացքին որոշ փոփոխութիւններ կրած են երկրի եւ ժողովուրդի իրավիճակները: Օրինակ՝ Երեւանի մէջ զգալի շինարարական աշխատանք տարուած է եւ մեծ թիւով վաճառատուներ բացուած են: Բայց Երեւանի սահմաններէն անդին, այլ մարզերու բազմաթիւ գիւղերու մէջ, շինարարական աշխատանքի կարիքը էական է: Այս անհաւասարութիւնը պատճառներէն մէկն է ժողովուրդի դժգոհութեան:

 

Հայաստանի մէջ, ներկայիս, չկան միջին դասակարգի ընտանիքներ: Ժողովուրդը բաժնուած է կա՛մաղքատ եւ կա՛մ շատ հարուստ խումբերու, որը պատճառ կը դառնայ նախանձութեան, գողութեան, եւ խաբէբայութեան: Անգործութիւնը եւ սուղ գիները ժողուրդին մեծ մասը ձգած է շատ ծանր վիճակի մէջ, եւ պատճառ դարձած է արտագաղթի: Ժողովուրդին աշխատած դրամը շատ անգամ ուշ կը վճարուի ու ընտանիքներ անօթի կը մնան: Երիտասարդ տղամարդիկ յաճախ կը ձգեն իրենց ընտանիքը եւ կը մեկնին հեռու երկիրներ աշխատանք գտնելու համար: Նաեւ շատ մը պզտիկներ դպրոցը կը ցքեն որպէսզի աշխատանքի անցնին: Այս շատ մտահոգիչ երեւոյթ է:  Կառավարութիւնը մեծ դեր ունի իր ժողովուրդին վիճակը եւ  այս դրութիւնը բարելաւելու մէջ, բայց այս ուղղութեամբ շատ քայլեր չ’առնէր: Հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցները մինչեւ օրս կ’ըսեն թէ կը նախընտրեն սովետական ժամանակները, երբ կառավարութիւնը իրենց աշխատանք եւ ապրելու յարմարութիւն կը տրամադրէր: Այս իրականութիւնը նաեւ շատ ցաւալի է:  Այնքան ատեն որ ժողովուրդը հանգիստ կեանք չի կրնար ապրիլ, այս մտածելակերպը պիտի չջնջուի:

 

Ի՞նչ կրնանք ընել մենք, բարելաւելու համար մեր հայրենիքը: Ճի՞շդ է որ մենք  սփիւռքահայերս, հայրենիքէն դուրս ապրելով եւ տեսնելով բոլոր թերութիւնները, քննադատենք կառավարութիւնն ու ժողովուրդը: Իւրաքաչիւրս, որպէս հայ, պարտականութիւն ունինք մեր կարողութեան սահմաններու մէջ օգտակար դառնալու մեր հայրենիքին: Առաջին քայլը պիտի ըլլայ ճամբորդել հայրենիք եւ մօտէն ծանօթանալ մեր ժողովուրդին ու անոր կարիքներուն, իսկ յետոյ տեսնել մեր մասնագիտութեամբ ինչպէս կրնանք օգտակար ըլլալ: Օրինակի համար, եթէ բժիշկ մը սփիւրքէն կրնայ քանի մը շաբաթ հայաստանի գիւղերը այցելել եւ հոգալ ժողովուրդին կարիքներուն, բազմաթիւ ընտանիքներու օգնած կըլլայ: Իր աշխատանքը նաեւ օրինակ կը դառնայ ուրիշ սփիւրքահայերուն:

 

Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է երկրի զարգացման աշխատանքներուն աւելի կարեւորութիւն տայ: Հայաստանի տնտեսական վիճակը պետք է բարելաւի: Ներկայիսրը ՛ համալսարաններ կան ուր անպատճառ դասարանները կ՛արձակուին ու աշակերտները իրենց այդ օրուայ դասը չէն սորվիր: Յատկապէս պէտք է ժողովուրդին ուսումը բարձր մակարդակի վրայ ըլլայ եւ երիտասարդութեան համար պէտք է աշխատանքի առիթներ ստեղծուին, որպէսզի արտագաղթի պատճառը վերանայ:

 

Հայաստանը մեր հայրենիքն է:

Ինչքա՛ն ալ պայմանները դժուար ըլլան:

Հայաստանը մեր տո՛ւնն է:

Մե՛նք ենք որ պիտի բարելաւենք զայն:

Վերջապէս ամէն մէկս ի մտի ունենանք որ պիտի վերադառնա՛նք եւ հայրենիք հաստատուինք:

Back to Armenia

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.