About Us
In early 2012, the first issue of the re-launched Ardziv magazine was published, and has since become the leading voice of the Armenian-Canadian youth. The decision to resurrect the magazine was made at the 39th General Meeting of the Armenian Youth Federation of Canada, during which a group of dedicated Armenian-Canadian youth realized the importance of an Armenian magazine in the Diaspora.
Although Ardziv magazine was first launched in April 1991, it had been dormant for the last number of years.
The magazine is now issued quarterly with 1000 copies dispersed between the community centres of Toronto, Montreal, Laval, Cambridge, Hamiltion and St. Catherines. The magazine is also spread digitally to online subscribers via our website (www.ardziv.org), and advertised through various social media platforms.
Ardziv magazine is published by the Armenian Youth Federation of Canada and distributed free of charge within the community for those who strive for the national, social and economic liberation of the Armenian people. We always welcome readers’ comments, ideas, suggestions or concerns.
———–
ՀՅԴ-ԳԵՄ-ի 39-րդ պատգամաւորական ժողովի որոշումով, օտար ափերու վրայ ծնած ու մեծցած խումբ մը երիտասարդներ, որոշեցին տէր կանգնիլ հայապահպանման կարեւոր աշխատանքին եւ առին այն հանդուքն ու համարձակ քայլը՝ վերականգնելու եւ վերահրատարակելու հայաշունչ «Առծիւ» թերթը: Անոնք, գիտակից հայ թերթի անհրաժեշտութեան եւ կարեւորութեան ու լաւատեղեակ սփիւռքի մէջ իբրեւ հայ գոյատեւելու անժամանցելի գործին, կարեւոր նկատեցին ստեղծել մեր գաղութներու մէջ հայերէն լեզուի ընթերցման եւ գրելու նկատմամբ հետաքրքրութեան միջոց մը:
Սակայն «Արծիւ»-ը նոր հրատարակութիւն մը չէ, այլ աւելի քան 20 տարուայ պատմութիւն ունի ան: Պաշտօնաթերթը ծնունդ առած է Ապրիլ 1991-ին:
Այսօր, «Արծիւ»-ը կը հրատարակուի երեք ամիսը անգամ մը ու կը սփռուի Գանատահայ գաղութին ձրիաբար: «Արծիւ»-ի յօդուածները կ’արձագանգեն Գանատահայ երիտասարդին մտահոգութիւնները, ներառեալ հայ դատի, հայ մշակոյթի ու Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակներու վերլուծականները: Պաշտօնաթերթին տպագրական 1000 օրինակները կը զետեղուին Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Սէնթ Գաթրինզի եւ Համիլթընի Հայ Կեդրոններէն ներս: Տպագրութեան կողքին, «Արծիւ»-ի ելեկտրոնային տարբերակը կը սփռուի ՝ «www.ardziv.org» կայքէջի ու ընկերային ցանցերու միջոցաւ:
«Արծիւ» ազատ բեմ մըն է գաղափարներու, որոնք հայ երիտասարդութիւնը կը ներկայացնեն կամ անոր կը վերաբերին: «Արծիւ» -ը իր նպատակին կը հասնի երբ ընթերցողներուն հետ կապի կը մտնէ: Հետեւաբար, մեր դռները բաց են Ձեր նամակներուն, կարծիքներուն եւ առաջարկներուն: