99 Տարիներ Ետք… Կը Հաւատամ որ…

By: | Posted on: 14.10.2014

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, մենք մեզ կը գտնենք աննախընթաց երեւոյթի մը դիմաց: Աշխարհի շուրջ, հայ գաղութներ հսկայական նախաձեռնութիւններու կը դիմեն այս յատուկ թուականը օգտագործելու՝ Հայ Դատը ծանօթացնելու համար օտար հանրութեան, ու զայն յառաջ մղելու: Իսկապէս գնահատելի է հազարաւոր կամաւորներու ջանքը՝ մեր Դատը պաշտպանելու գործին մէջ: Բնականաբար բոլորս մեծ ակնկալութիւններ ունինք յաջորդ տարուայ ընթացքին իրագործուելիք նախաձեռնութիւններէն, բայց ինծի համար հարցական կը մնան (եւ հետաքրքրական) մեր ընդհանուր ակնկալութիւնները հարիւրամեակէն ետք:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեծ պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումին յաջորդող հանգրուանը:
Քանի՞ տարի պիտի դիմանայ մեր աշխուժ պայքարը:
Պիտի յանձնուի՞նք արդեօք անբաղձալի ճակատագիրին:

Այս մտածումները չեմ արտայայտեր ահազանգ հնչեցնելու սիրոյն, այլ որովհետեւ շատերուս միտքէն անցած են անոնք եւ պէտք է մէկը, տեղ մը, ազատօրէն արտայայտուի:

«Յարատեւ Պայքար» կը գոչենք, բայց միեւնոյն ժամանակ մեր իրապաշտ բնութիւնը կ’արձագանգէ «մինչեւ ե՞րբ»: Ու տակաւին կը շարունակենք պայքարիլ եւ այդ պայքարը կը նկատենք մեր յարատեւ գոյութեան փաստը: Բայց մեր ենթագիտակցութեան մէջ կը մերժենք ընդունիլ հակառակ այն իրականութիւնը, որ իւրաքանչիւր Ապրիլ 24 ոչ միայն ցեղասպանութեան տարեդարձ է, այլ յիշեցում մը՝ որ Թուրքը կը շարունակէ իր նպատակին հասնիլ, եւ մեր ազգի ճակատագիրը կը մնայ օտարներու ձեռքը: Ամէն տարի որ կը շարունակենք պայքարիլ , կը նշանակէ որ տարի մը եւս անցած է ու մեր Դատը կը մնայ անլոյծ: Որքան ալ լաւատես փորձենք ըլլալ, չենք կրնար անտեսել այս տխուր իրողութիւնը:

Ցեղասպանութիւնը ու անոր վերաբերեալ աշխատանքները դարձած են մեր ազգի գոյութեան գլխաւոր բաղկացուցիչը, մասնաւորաբար որովհետեւ մեր ազգին մեծամասնութիւնը կ’ապրի սփիւռքի մէջ իբրեւ Ցեղասպանութեան ուղղակի հետեւանք: Այսպիսով, երբ Թուրքիան կ’ուրանայ Ցեղասպանութիւնը, հարուածած կ’ըլլայ նաեւ մեր գոյութեան: Ուրեմն, նահանջելը կը նշանակէ ուրանալ մեր ինքնութիւնը պահպանող մէկ կարեւոր մասնիկը: Եւ այն օրը երբ մեր երիտասարդութիւնը տեղի տայ այն համոզումին որ Հայ Դատը պիտի չյաջողի հասնիլ իր նպատակին, պիտի ունենանք սերունդ մը որ հրաժարած է իր ինքնութեան մէկ բաժինէն: Պարզ տրամաբանութեամբ ուրեմն, կը հաւատամ, որ ամէն տարի որ Թուրքիան շարունակէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը, աւելի կը մօտենանք տեղի տալու իրավիճակին:

Հայ Դատի ներկայ ռազմավարութեամբ՝ աշխատանքները կեդրոնացած են սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի մէջ Հայ Դատը ծանօթացնելու տեղւոյն քաղաքական դէմքերուն ու պետութիւններուն, բացի Թուրքիոյ մէջ։ Շատերու նման, կը հաւատամ որ Թուրքիան պիտի ընդունի ցեղասպանութիւնը միայն երբ Թուրք ժողովուրդը համոզուի, ընդունի, ու ցեղասպանութեան մասին բացէ ի բաց խօսի Թուրքիոյ մէջ:

Այս անհերքելի է:

Բայց միեւնոյն ժամանակ, չենք կրնար լաւատեսօրէն սպասել այդ պահուն: Ժողովուրդի մը մտայնութեան փոփոխութիւնը (նոյնն է պարագան Թուրք ժողովուրդին) այսպիսի հարցերու վերաբերեալ ընդհանրապէս սերնդափոխութեան կը կարօտի: Դժբախտաբար, ուրեմն, վտանգը կայ որ մինչեւ Թուրքիոյ ժողովուրդը պատրաստ ըլլայ ընդունելու Ցեղասպանութիւնը (սերնդափոխութեամբ), անտարբեր (կամ յուսահատ) հայ սերունդը արդէն յանձնուած պիտի ըլլայ իր ճակատագիրին:

Իբր երիտասարդ մը որ աշխուժօրէն կը մասնակցի Հայ Դատի աշխատանքներուն, կը հաւատամ նաեւ որ սփիւռքէն տարուած Հայ Դատի աշխատանքները կը հանդիսանան այն ուժը որ կը խոչընդոտէ մեր թշնամիներուն յառաջխաղացքը: Նաեւ կը հաւատամ որ սփիւռքի գաղութներու կողմէ տարուած աշխատանքները՝ օտար հարնութեան ծանօթացնելու ցեղասպանութիւնը, մեծ դեր կը խաղան Թուրք երիտասարդութիւնը դաստիարակելու մէջ:

Մտահոգութիւնս, սակայն, այն է, որ Հայ Դատը, վահանի նման, շարունակաբար կը հարուածուի, եւ ան որքան ալ զօրաւոր կամ անբեկանելի ըլլայ, մեզ շարունակաբար կը պահէ պաշտպանողական իրավիճակին մէջ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի արտօնենք որ թշնամին ղեկավարէ մեր ընթացքը: Ե՞րբ պիտի կարենանք հարուածը շեղել, ու հակազդել հարուածով: Ինչո՞ւ զգուշանանք նախայարձակ ըլլալէ, վախնալով Թուրքիոյ հակազդեցութենէն: Կարծես երեխայի մը նման դաստիարակուած ենք վնաս չհասցնելու եւ փորձութիւններու չենթարկուելու:

Ուրեմն, Ապրիլ 2015էն ետք, երբ դիմաւորուի հարիւրամեակը եւ մթնոլորտը «հանդարտի», ու հարցը դարձեալ հեռանայ հանրութեան ու մամուլի լուսարձակէն, ինչպէ՞ս վառ պիտի պահենք մեր պայքարի կրակը: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք վստահ ըլլալ որ Ապրիլ 24ի տարեդարձները պիտի չմաշեցնեն մեր վահանը:

Կը հաւատամ, որ ժամանակը հասած է որ մեր ռազմավարութիւնը փոխենք պաշտպանականէն եւ հակազդեցողականէն դէպի յարձակողականը: Անշուշտ որ այսպիսի մօտեցում մը պիտի դիմաւորուի զօրաւոր ընդդիմութեամբ Թուրքիոյ կողմէ, բայց այլեւս կարելի չէ սպասել: Դժուար իրողութիւն մըն է ընդունիլը որ Հայ Դատը, ներկայ վիճակով, խորքին մէջ չի ղեկավարուիր մեզմով, այլ կ’ընթանայ Թուրքին ղեկով: Թուրքիոյ իւրաքանչիւր հարուածին դէմ բողոքով ու ցոյցով ընդդիմանալը ալ յստակ դարձած է անոնց ու այսպիսով մեր դատը դարձած՝ խոցելի: Պէտք է անտեսենք այն քայլերը որ ծրագրուած են մեզ շփոթեցնելու, մեզ մեր ճամբէն շեղելու, ու պէտք է կեդրոնանանք մեր դատը յառաջ մղելու ու պաշտպանուելու տեղ հարուածելու: Ժամանակը հասած է որ մեր դատը տանինք իրենց: Փոխանակ սփիւռքի մեր գաղութներուն մէջ գոհանանք չնչին յաղթանակներով, եւ միամիտաբար յուսալ որ օտար երկիրներ պիտի հետապնդեն մեր շահերը, մեր թիրախը ընտրենք Թուրք ժողովուրդը ու մեր դատը ներկայացնենք անոր:

Ապա թէ ոչ, կը վստահեցնեմ որ տակաւին համբերութեամբ պիտի հաշուենք…101,102,103…

Back to Diaspora

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.