ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ ՆՈՐԱԳԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ
By: AYF Canada Central Executive | Posted on: 12.02.2014Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կ’ողջունենք ձեր փոխանցումը ՀՅԴ ԳԵՄ-ի շարքերուն եւ կը շնորհաւորենք ձեզ այս առիթով:
<Դուք խոստացաք «պահպանել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Ծրագիրն ու Կանոնագիրը, աշխատիլ իր գերագոյն նպատակին՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի համար եւ միշտ ընկերական վարմունք ունենալ բոլոր ձեր ընկերներուն հանդէպ»: Այսպիսի՛ երիտասարդներով է որ ՀՅԴ երիտասարդացը 1933 թուականէն ի վեր կը գոյատեւէ եւ կը շարունակէ բարգաւաճիլ: Ձեր եռանդով ու խանդավառութեամբ նոր թափ պիտի տաք մեր աշխատանքներուն ու ձեր նոր գաղափարներով առաջ պիտի տանինք մեր կազմակերպութիւնը:
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի շարքերէն ներս, մտերիմ բարեկամութիւններ պիտի մշակէք ձեր ընկեր-ընկերուհիներու հետ, պիտի սորվիք Հայ Ազգի պատմութեան մասին, մեր հայրենիքին մասին, Դաշնակցութեան մասին, պիտի մասնակցիք քաղաքական գործունէութիւններու ու պիտի դառնաք Հայ Դատի պաշպան զինուորներ, ղեկավար դեր պիտի ստաձնէք թէ կազմակերպութեան մէջ եւ թէ պիտի դաստիրակուիք իբրեւ ապագայ շարքային Դաշնակցականներ:
Նկատի ունենալով որ 2013 թուականը կը զուգադիպի ՀՅԴաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամ եւ Դաշնակցութեան խիղճի, բարոյական եւ գաղափարական սկզբունքներու մարմնաւորումը խորհրդանշող՝ Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին, դուք յատուկ հունձք մը կը ներկայացնէք:
Զաւարեան իր բծախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ՝ յատկապէս իր եւ իր աշխատակիցներուն հանդէպ, կը հանդիսանայ դարբինը դաշնակցական տիպարի խստակրօնութեան եւ անսահման զոհաբերութեան։ «Դաշնակցականը պարտաւորութիւններ միայն պէտք է ունենայ», կ’ըսէր ան, «իսկ փոխարէնը՝ բարոյական բաւարարութեամբ պէտք է գոհանայ»։ «Նուիրուած»ը, որ Զաւարեանի համար կը նշանակէր տիպար կուսակցական, Միքայէլ Վարանդեանի բացատրութեամբ պիտի նշանակէր հետեւեալը՝
«Նախ եւ առաջ կազմակերպութեան տոկուն, չարքաշ աշխատաւորն է, դժուար ճիգերու եւ մեծ զոհաբերութիւններու աշխատաւորը, որ կը հրաժարի կեանքի բռնակալ հրապոյրներէն եւ լիովին կ’անձնատրուի, իր բազմատանջ ժողովուրդի դատին. Հաշուեցէ՛ք այն հազարաւոր կտրիճները, որոնք կռուեցան Դաշնակցութեան դրօշին տակ եւ մեռան «ժողովուրդ», «ազատութիւն» մրմնջելով… քանիս՞ն են, որ բացառութիւն կը կազմեն Զաւարեանական այս որակումէն… ամէնքն ալ «նուիրուած»ներ են»։
Մեր փափաքը պիտի ըլլայ որ Զաւարեանի օրինակով՝ անսահման զոհաբերութեամբ մօտենանք ձեր միութեանական աշխատանքներուն, ըլլաք տիպար Դաշնակցականներ ու Զաւարեանի «Նուիրուած»ներ: Իբր «Նուիրուած»ներ, եւ ձեր անձնական օրինակով պիտի վարակէք հայ երիտասարդութիւնը եւ առաջնորդէք զանոնք դէպի Հայ Դատի արդար լուծման պայքարի ճամբան։
Բարի եկաք եւ բարի գործունէութիւն: