Չորցած ծառէն պտուղ քաղել…
By: Sevag Haroutunian | Posted on: 10.05.2012Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Տասնեակ տարիներ անցան, եւ նոյն թմբուկը զարնելով քիչ արձագանգ կը լսուի օտար լրատուամիջոցներու մէջ։ Սակայն, Հայ դատի օգտագործած միջոցները այժմէականացնելու մասին ընդհանրապէս չի խօսուիր եւ լուրջ աշխատանք չի տարուիր այս առընչութեամբ։ Սկսելով մեր տարեկան այցերէն դէպի Թրքական դեսպանատուն մինչեւ քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպումները, ոչ մէկ նոր միջոց գտած ենք ձայն բարձրացնելու, եւ լրատուամիջոցները մասնակից դարձնելու մեր դատին: Գաղութային բոլոր քաղաքական ձեռնարկները միշտ կը կազմակերպուին գրեթէ նոյն կնիքով։ Տարի առ տարի միակ փոփոխութիւնը որ նկատելի է, մասնակցող երեսփոխաններու մազի գոյնն է։ Ինչու՞ նոր գաղափարներ չենք յղանար: Ինչու՞ մեր բոլոր նիւթական կարելիութիւնները կը տրամադրենք մի քանի հարիւր երիտասարդներու եւ քաղութի անդամներու դէպի Թրքական դեսպանատուն երթեւեկութեան ծախսը հոգալու, երբ կարելի է նոյն ծախսով հանրակառքերու եւ ստորերկրեայ գնացքներու վրայ պաստառներ զետեղել ու մեր դատը քարոզել միլիոնաւոր անձերու:
Հայկական հարցը առաջնահերթութիւն դարձնելու եւ մեր ձայնը լսելի դարձնելու համար, պէտք է որդեգրենք նոր մեթոտներ. օրինակ՝ երեւան բերել բոլոր այն Թուրք ընտանիքները որոնց մեծ հայրերն ու մայրերը ձեղասպանութեան ընթացքին Հայերուն որդեգրեցին եւ կամ պաշտպանեցին, եւ զանոնք գնահատենք ու պատուենք: Ասոր կողքին ուրիշ ազդեցիք ձեռնարկութիւն մը կարելի է կազմակերպել. օրինակ՝ Ապրիլ ամսուայ ընթացքին, ջարդի զոհերու յիշատակին, հայաշատ գաղութներու մէջ ուտեստեղէն հաւաքել քաղաքի աղքատներուն համար եւ այս ծրագիրը մամուլին ներկայացել որպէս պատանիի մտայղացումը՝ նուիրուած իր նախահայրերու յիշատակին: Վստահաբար բոլոր լրատուական ալիքները պիտի ուզեն սփռել այս ծրագիրը, մանաւանդ որ այն նախաձեռնութիւնն է փոքրիկ պատանիի մը: Վերջերս «flash mob» կոչուած ծրագիրը մէջտեղ եկած է, ուր հանրային խճողուած վայրի մը մէջ հարիւրաւոր անձեր տարբեր ձեւերով կը պարեն, կամ այլ շարժումներով ժողովուրդին ուշադրութիւնը կը գրաւեն, ապա թռուցիկներ բաժնելով անցորդներուն կը ներկայացնեն ձեռնարկին նպատակը:
Մեր միջոցները այժմէականացնելու կողքին պէտք է նաեւ կեդրոնանանք մեր երիտասարդութեան ակնյայտ անտարբերութեան վրայ մեր ազգին ու դատին հանդէպ։ Դժբախտ իրականութիւն է որ խումբ մը նուիրուած երիտասարդներ օր ու գիշեր կը գործեն եւ կը կազմակերպեն բազմաթիւ ձեռնարկներ, եւ յետոյ, իբր ունկնդիրներ, այս նոյն երիտասարդները ներկայ կ՛ըլլան քաջալերելու իրենց աշխատանքը: Ցաւալին այն է որ իրականութենէն շեղած կը մնանք եւ մեր ներաշխարհին մէջ մեկուսացած նոյն անձերուն հետ շփուելով, դրական գոհունակութիւն կը զգանք, անտեսելով դառն իրականութիւնը: Պէտք է անդրադառնանք որ մեր շրջանակէն դուրս կան հազարաւոր Հայեր որ ոչ մէկ ձեւով հետաքրքրուած են հայութեամբ ու հայութեան մտահոգող հարցերով: Սակայն, մենք չարաչար կ’աշխատինք ու այս հայերուն համար ոգեկոչման օրեր ու մոմավառութիւններ կը կազմակերպենք առանց մտածելու թէ ինչ նպաստ ունի այս բոլորը: Փտած ծառէն պտուղ քաղելու փոխարէն պէտք է արթննանք ու ընդունինք որ մեր ներկայ միջոցները այս օրուայ իրականութիւններու համաձայն աննպատակ դարձած են եւ միայն նոր միջոցներու դիմելով է որ մեր դատը յառաջ պիտի տանինք:
Կ’ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր համացանցը կ’իշխէ բոլորին առօրեային վրայ եւ կը միացնէ ողջ աշխարհը: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ «smart phone»-երու եւ ընկերական ցանցերու ընդարձակ ուժը միասին բերելու մեր ժողովուրդը եւ քարոզելու օտարներուն եւ նշանաւոր դէմքերուն: Պէտք է այս միջոցները օգտագործել ի նպաստ մեր դատին։ Հեռատեսիլը եւ թերթը միակ լրատուամիջոցները չեն այլեւս, աշխարհը կը վայլէ վայրկեան առ վայրկեան նորութիւններ համացանցի եւ հեռաձայններու միջոցաւ, եւ ոչ մէկ այլ լուր տարածելու միջոց անոնց չափ ազդու չէ:
Այո, մենք չունինք հսկայական կառավարական ֆինանսաւորում եւ նոյնիսկ աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան: Սակայն, պէտք է ունենանք տեսիլքը եւ խուսափինք հնադարեան մեթոտներէն։ Ինչպէս ամէն հիմնարկ ունի հզօր «marketing»-ի եւ «public relations»-ի նիւթական պիւտճէ, նոյնպէս մեր դատը պէտք է ուսումնասիրէ թէ ո՞րն է ամէնէն շահաբեր միջոցը։ Որեւէ մարդուժ կամ նիւթական աղբիւր որ կը տրամադրուի մեր դատին պէտք է ունենայ արդիւնք: Միայն ժամանակի հետ քալելով առաջ է որ մեր դատը պիտի մնայ պատնէշի վրայ։