Մտորումներ՝ Վանաձոր 2013 Ճամբարի Առիթով

By: | Posted on: 30.07.2013

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

ՀՅԴ ԳԵՄը, 2011 թուականին,  գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ հովանաւորելու եւ միութեանս անդամներով վարելու երկշաբաթեայ ամառնային անվճար ճամբար մը՝ Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին մէջ: Վանաձորի ճամբարը միացաւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու Հայաստանի ճամբարներուն որոնց շարքին են՝ Կիւմրիի, Սիսեանի, Պրոշեանի, եւ Արցախի ճամբարները:

Ճամբարի ընթացքին, Հայաստանաբնակ մանուկներն ու պատանիները առիթը կ’ունենան լսելու տարբեր դասախօսութիւններ, սորվելու ՀՅԴ-ի մասին, հոգ տանելու եւ սորվելու առողջապահութեան մասին, հետեւելու անգլերէն լեզուի եւ համակարգիչի դասընթացքներու եւ խաղալու: ՀՅԴ ԳԵՄ-ը նաեւ կը տրամադրէ ճամբարի մասնակցողներուն օրական ճաշ եւ գրենական պիտոյքներով լեցուած դպրոցական պայուսակ մը:

Այս ամառ, 3րդ տարին ըլլալով, Վանաձորի ամառնային ճամբարը տեղի կ’ունենայ Յուլիս 15-26:  Գանատայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն 15 երիտասարդներ Հայաստան կը ճամբորդեն ու իրենց կամաւոր ներդրումը կը բերեն Վանաձորի ճամբարի աշխատանքներուն:

Օդանաւ նստած կը մեկնիմ դէպի Հայրենիք: Առաջին անգամը չէ որ կ’այցելեմ Հայաստան եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Հայաստան այցելած եմ ՀՅԴ Գանատայի Պատնեկան Միութեան կազմակերպած Հայաստանագնացութեան, ՀՕՄ-ի երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի եւ ՀամաՀՄԸՄական Բանակումի ծրագիրներով: Բոլոր ծրագիրները կը միտէին Սփիւռքի երիտասարդութեան ծանօթացնել մեր հայերիքը: Սակային անոնց բնոյթը ընդհանրապէս զբօսաշրջութիւն էր՝ այցելել Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ ընդհանրապէս յարաբերիլ սփիւռքէն ժամանած այլ գաղափարկից ընկերներու հետ:  Այս անգամ Հայաստան կը ճամբորդեմ վարելու ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած Ամառնային Ճամբարը՝ Վանաձոր քաղաքին մէջ: Այսպիսով, առիթը պիտի ունենամ Հայաստանի մէջ ապրելու եւ ժողովուրդին հետ շփուելու: Մնալով Վանաձոր քաղաքին մէջ, պիտի ապրիմ Հայաստանի ժողովուրդի դիմագրաւած իրականութիւններուն հետ, որոնք ընդհարապէս չեն զգացուիր զբօսաշրջիկներուն կողմէ:  Անոնք միայն կը տեսնեն Երեւանի, Եւրոպայի նմանող շրջանները, կը վայելեն ճաշարաններն ու գիշերային վայրերը եւ միայն: Արդ, փոխանակ մտածելու թէ որ ճաշարանները կամ տեսարժան վայրերը պիտի այցելեմ, օդանաւին մէջ միտքս զբաղած է Հայաստանի մեր կեցութեան պայմաններով ու ճամբարի բազմազան մանրամասնութիւններով:

ԳԵՄ-ի անդամները, ամիսներ շարունակ աշխատեցան, նախ ատակ վարիչներ ընտրելու, ապա հանգանակային ծրագիրներ կազմակերպելու: Միեւնոյն ատեն տեղի կ’ունենային կազմակերպական աշխատանքներ՝ պիտոյքներ գնել ու Հայաստան ուղարկել, զգեստներ պատրաստել, փոքրերու տարիքի յարմար ծրագիրներ պատրաստել, եւ Հայաստանի մեր գործակիցներու հետ համագործակցաբար դասաւորել երեխաներուն ճաշերը, պտոյտները եւ ճամբարի վայրը:

Կը հասնիմ Հայաստան: Այս բոլոր աշխատանքը կը սկսի իրկանանալ: Սակայն ծրագիրը պիտի կարենա՞նք յաջողութեամբ իրագործել, պէտք եղած պիտոյքները ունի՞նք, ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործենք վանաձորի պատանիներուն վրայ, ի՞նչպիսի հակազդեցութիւն պիտի ունենան պատանիներուն ծնողները: Յոյսով եմ որ այս բոլոր հարցումներու պատասխանները դրական կ’ըլլան:

Անկասկած, ՀՅԴ Երիտսարդական միութիւններու Ամառնային ճամբարները ունին իւրայատուկ առաքելութիւն: Ճամբարը բացառիկ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ Հայաստանի ապագայ սերունդին վրայ. ուղղակի շփուելով պատանիներուն հետ, զուարճացնելով զանանոնք, պիտոյքներ հայթայթելով, գիտելիքներ ջամբելով եւ իրենց մատղաշ տարիքէն ծանօթացնելով հայրենասիրութեան, արդարութեան, բարեգործութեան եւ ընկերվարութեան գաղափարները, կը կարծենք որ Հայաստանի յառաջդիմութեան եւ հզօրացման կը նպաստնենք:

Բայց եւ այնպէս, հարցականի տակ է մտքիս մէջ թէ մեր այս աշխատանքը բաւարա՞ր է: Մենք իբրեւ հզօր սփիւռք եւ զարգացած երիտսարդութիւն, աւելին չե՞նք կրնար ընել մեր երկրին համար: Սակայն, վստահ եմ որ շիտակ ճամբուն վրայ ենք: ՀՅԴ Երիտիսարդական միութիւններու Ճամբարներու ծրագիրով, հարիւրաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներ արդէն իսկ ճամբորդած են Հայաստան իբր վարիչներ եւ հազարներով Հայաստանաբնակ պատանիներ մասնակցած ճամբարներուն: Այս թիւերը պէտք է կրկնապատկուին Գանատայի եւ այլ շրջաններու ջանքերով: Ուրեմն, արդէն իսկ երեք տարուան փորձառութիւն ձեռք ձգած անպայման կարելի պիտի ըլլայ ընդլայնել ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ճամաբարի ծրագիրները, հովանաւորելով ճամբարներ Հայաստանի այլ քաղաքներէն ներս ալ: Աւելին, ապագային պէտք է ընդլայնենք նաեւ մեր ազդեցութիւնը Վանաձորի մէջ որդեգրելով այլ բարեսիրական ծրագիրներ:

Խանադավառ ու ոգեւորուած, վարիչ ընկերներուս հետ կը սկսինք աշխատանքի: Քաջ տեղեակ ենք որ Հայաստանի դժուարութիւնները շատ են եւ կարիքները բազմաթիւ բայց յոյսով ենք որ այս ծրագիրով, փոքր ներդրում մը կ’ունենանք Հայաստանի բարգաւաճման ընթացքին: Արծիւի յաջորդ թիւին մէջ նկարներով ու յօդուածներով անպայման կը ներկայցնենք վարիչ ընկերներու եւ Վանաձորի պատանանիներու զգացումներն ու տպաւորութիւնները:

Back to Events

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.