Մտորումներ՝ Թորոնոթոյի Հայ Օգնութեան Միութեան Ամէնօրեայ Վարժարանի հիմնադրութեան 35 ամեակի առիթով

By: | Posted on: 14.10.2014

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Մեծ պատիւ է ինծի համար միտքերս փոխանցելը՝ Թորոնոթոյի Հայ Օգնութեան Միութեան Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի, եւ Երկորդական Վարժարանի հիմնադրութեան 35 ամեակի առիթով:

Պատիւ է նախ, որովհետեւ իբրեւ հայ վարժարանի շրջանաւարտ, միտքերս կը փոխանցեմ հայերէն լեզուով, հակառակ որ ծնած եմ սփիւռքի օտար ափերուն մէջ: Այս իրողութիւնը ինքնին արդէն փաստ է, որ մեր վարժարանը իր ճիշդ նպատակին կը ծառայէ:

Պատիւ է ապա որովհետեւ կը պատկանիմ երկրորդական վարժարանի երկրորդ հունձքին եւ շրջանաւարտն եմ վարժարանէ մը, որ 35 ամեայ պատմութեան ընթացքին, պահած է բարձր մակարդակ, ընդարձակած է դասարանները, բազմապատկած է աշակերտներերու թիւը, եւ արձանգրած է յաջողութիւններ, դաստիարակելով սերունդներ եւ դառնալով սփիւռքի նախանձելի վարժարաններէն մէկը:

Երբ սկսայ միտքերս ամփոփել, անհաւատելի թուեցաւ որ արդէն իսկ ութ տարի անցած է այն օրէն, երբ աւարտեցի վարժարանի ընթացքը: Տակաւին թարմ են միտքիս մէջ մեր չարութիւններն ու երեխայական կատակները` միջանցքներուն մէջ մեր վազվրտուկները, կէսօրուայ ժամերու «զբօսաշրջիկութիւնները», դասապահերու ընթացքին շատախօսութիւնները եւ մեր հնարած զիրար կոչելու ծածկանունները: Եւ որքան որ անցնի ժամանակը, այնքան սիրտիս մէջ քանդակուած պիտի մնան այս անմոռանալի յիշատակները:

Իր առաքելութեան համպատասխան, ՀՕՄ-ի Վարժարանը ինծի եւ ընկեր-ընկերուհիներուս մատուցեց հիմնական կրթութիւն, բարձրագոյն մակարդակի ուսում, եւ ամէնէն կարեւորը՝ հայեցի դաստիարակութիւն:

Նախ, մեր վարժարանի ընտանեկան մթնոլորտը եւ հիմնական կրթութիւնը կերտեց ու ամրապնդրեց մեր տիպար նկարագիրը, նկարագիր մը որ կը պարտինք մեր հայ ուսուցիչներուն ու տնօրէնութեան, որոնք տասնըհինգ տարիներ շարունակ մեզի եղան երկրորդ ծնողք՝ չարչարուեցան, տոկացին ու համբերութեամբ դաստիարակեցին մեզ, հակառակ մեր բոլոր չարութիւններուն, «հոգինին հանելնուս» ու մազերնին ճերմկցնելնուս: Գուրգարացին եւ ջանք չխնայեցին որ մենք դառնանք օրինակելի քաղաքացի եւ օրինակելի հայ: Սիրելի ուսուցիչներ, մենք միշտ երախտապարտութեամբ կը խոնարհինք Ձեր անձնուիրութեան եւ զոհողութեան առջեւ: Մի՛շտ կը մնանք Ձեր աշակերտները, Ձեր որդիները:

Աւելին, այս ազգայնաշունչ վարժարանի դռներէն ներս՝ ՀՕՄ-ի վարժարանը ինծի եւ տարեկից քոյր-եղբայրներուս համար եղաւ «փոքր Հայաստան» մը, ներմուծելով մեր մէջ ազգային ոգի, չափազանց հայրենասիրութիւն եւ ազգային պատկանելութեան ըմբռնում, որուն շնորհիւ փոքր տարիքէս ի վեր միութեանական աշխատանքը եղած է կեանքիս մնայուն մասնիկը:

Վերջապէս մեր վարժարանէն ստացած բարձր մակարդակի ուսումով ես եւ իմ դասընկերներս վստահութեամբ անցանք համալսարան մեր ուսումը շարունակելու: Եթէ ըսէի, թէ դժուարութիւններ չունեցանք, սխալած պիտի ըլլայի: Անոնց առընթեր սակայն, զինուած բոլոր գիտական, լեզուական եւ ընդհանուր գիտելիքներով, կարողացանք զանոնք յաղթահարել, լուծել բարենպաստ կերպով ու յաջողութիւններ արձանագրել:

Մենք՝ շրջանաւարտներս, ապացոյցն ենք մեր դպրոցի առաքելութեան ու յաջողութեան` մեր ձեռք ձգած յաջողութիւններով թէ համալսարանական մակարդակի եւ թէ կեանքի ասպարէզէն ներս: Հպարտօրէն կը հաստատեմ որ մեր Երկրորդական Վարժարանի շրջանաւարտները այսօր կը հետեւին իրաւաբանութեան, երկրաչափութեան, բժշկութեան, գրականութեան, գիտութեան եւ պատմութեան ճիւղերու, ստացած են մագիստրոսի եւ տոքթորայի վկայականներ եւ առեւտրական ասպարէզէն ներս ստեղծած են անձնական հաստատութիւններ:

Թէեւ մեր մէկ հատիկ դպրոցը եղաւ այս բոլորը պարգեւողը, սակային կարելի պիտի չըլլար այս բոլորին տիրանալ, առանց մեր ծնողներուն ու ընտանքներուն, որոնք հիմնաքարը եղան մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն:

Ծնողնե՛ր, դուք ալ մեծ դեր ունիք Ձեր զաւակներու կրթութեան ու յաջողութեան մէջ, նախ եւ առաջ ամրապնդելով Ձեր զաւակին դպրոցէն ստացած դաստիրակութիւնը եւ երկրորդ՝ թիկունք կանգնելով մեր վարժարանին: Մեր գաղութի ղեկավար մարմինները մեր դպրոցին վարչական պատասխանատուներն են, բայց վարժարանի բարոյական տէրը հայ ժողովուրդն է: Եւ որպէսզի այս ժողովուրդէն ծնին ապագայ ղեկավարները, կարեւորութեամբ կը խնդրեմ, կը պահանջեմ ձեզմէ որ հայերէն խօսիք Ձեր զաւակներուն հետ, հայագիտական դասանիւթերուն յաւելեալ գուրգուրանքով մօտենաք, չըսէք «ինչ պէտք ունի զաւակս հայերէնի», «արդեօ՞ք հայոց պատմութիւնը կարեւոր է»:

Ծնողնե՛ր, հայախօսութիւնը տեղի կու տայ, արեւմտահայերէնը անհետանալու վտանգին ենթակայ է, հայ դպրոցը ազգի տոկալու եւ տեւելու կենսական շնչառութիւնն է: Մի՛ մտահոգուիք, փաստը մեր վարժարանի շրջանաւարտներն են, որ հայերէն դասաւանդութիւնները ոչ մէկ ձեւով արգելք հանդիսացած են անոնց կեանքի ասպարէզին:

Զօրակցեցէ’ք մեր դպրոցի կատարած աշխատանքներուն, որպէսզի լաւապէս կերտենք մեր ժողովուրդի ապագայ սերունդները: Սերունդներ՝ որոնք զինուած պիտի ըլլան բարձրամակարդակ ուսումով եւ օտարացնող հոսանքները կասեցնող հայեցի դաստիարակութեամբ: Սերունդներ՝ որոնք բարձր պիտի պահեն մեր պապերէն մեզի ժառանգած ազգային արժէքները եւ աւանդները, Եւ վերջապէս՝ պիտի ըլլան ջահակիրը հաւաքական մեր իղձերուն ու ռահվիրան ապագայ մեծ ծրագիրներուն:

Եզրափակելու համար, կ՛ուզեմ քանի մը միտքեր փոխանցել մեր վարժարանի աշակերտութեան՝

Առաջին՝ յարգը գիտցէք Թորոնթոյի միակ ամէնօրեայ վարժարանին եւ միշտ զօրավիգ կանգնեցէք անոր սուրբ առաքելութեան: Այնուհետեւ, վսահ եմ, որ դուք ալ նոյնանման զգացումներով պիտի աւարտէք այս դպրոցը եւ նոյն վստահութեամբ նետուիք կեանքի ասպարէզ:

Իսկ Երկրորդ՝ երբէք մի մոռնաք Ձեր ազգային պարտականութիւնը: Իբրեւ հայ երիտսարդներ, իրաւունք չունինք սովորական քաղաքացիի նման ապրելու: Ա՛յս է հայ ժողովուրդի ճակատագիրը: Ձեր եռանդով ու խանդավառութեամբ նոր թափ պէտք է տաք հայ դատի մեր աշխատանքներուն ու Ձեր նոր գաղափարներով յառաջ պէտք է տանիք մեր հայ ժողովուրդն ու հայրենիքը:

Ահաւասիկ այս համոզումով է որ կը դիմագրաւենք մեր նոր մարտահրաւէրները: Այս համոզումով կ’ուզենք տեսնել մեր գալիք սերունդներու ապագան՝ փայլուն ու հայադրոշմ:

Մեծ բանաստեղծ սիամանթոյի խօսքերով՝ «իմ անունս է պայքար եւ վախճանս յաղթանակ»:

Պայքար՝ հայ դպրոցի ճամբով…
Յաղթանակ՝ միշտ հայերէն լեզուով:

Back to Diaspora

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.