Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Մեր Լեզուն

By: | Posted on: 12.02.2014

Ազգի մը արմատները կը սկսին իր յատուկ լեզուէն:

Հայկական այբուբենը աշխարհի ամենէն հիներէն է, եւ այդ պատճառով է որ մենք իբր Հայեր, մեր լեզուն ու գրականութիւնը վառ պէտք է պահենք, մասնաւորապէս այս խառն-ազգակից երկրէն ներս: Ազգի զուտ հարստութիւնը իր լեզուն է, եւ որպէսզի կարենանք մեր մէկ հատիկ լեզուն կենդանի պահել, պէտք է ջանանք ոչ միայն խօսակցութեան ատեն օգտագործել, այլ նաեւ կարդալ ու գրել, որ գերի չդառնանք նոյնացումի: Ուստի, պէտք է մեր նպատակը ըլլայ մեր լեզուին պաշտամունքը, չկորսնցնելու համար մեր ինքնութիւնը, եւ աւելին՝ դառնալու օժանդակներ Գանատայի  բազմաթիւ ազգութեան :

Սակայն հարկ է նաեւ սերտել եւ իմանալ այլ լեզուներ ու գրականութիւն, որովհետեւ այդ ալ մեզի նոր գաղափարներով կը հարստացնէ եւ կը բազմապատկէ մեր գիտութիւնը: Մի քանի օրեր առաջ, երբ հեռատեսիլէն լուրերուն կը հետեւէի, տխրութեամբ իմացայ որ Թորոնթոյի World’s Biggest Bookstore-ը պիտի փակուէր: Այս եւս մեզի ցոյց կու տայ որ տպագրութիւնը մեռնելու վտանգին տակ է: Համակարգիչի պատճառով գիրքերու տպագրութեան եւ գրադարաններու հարստութիւնները չեն գործածուիր: Պէտք է ջանք թափենք որ գրականութեան աւանդական հարստութիւնը մնայ մեր մշակութային կեանքերէն ներս կանգուն եւ ուժեղ, եւ ոչ միայն տօնակատարութեան կամ հանդիսութեան օրերու համար, այլեւ ամենօրեայ կեանքի պայծառացումի համար, վերածելու Հայ լեզուն մեր ազգին զօրաւոր վահանը:

Որպէս նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, դէմ յանդիման կը գտնուինք շատ մը մարտահրաւէրներու, որոնք մեծապէս կը չարչրկեն մեր միտքերը եւ որոնց լուծումին համար կ’ապաւինինք նաեւ ձեր մտածումներուն եւ լուծումի առաջարկներոուն: Որպէս «Արծիւ»ի խմբագրական կազմի աշխատակիցներ, ջերմօրէն կը փափաքինք լսել ձեզ ստորեւ ներկայացուած հարցերուն մասին, որոնց մանրամասնեալ համադրում-պատասխանը խմբագրութեան կողմէ պիտի ներկայացուի հանգամանօրէն մեր յաջորդ թիւին մէջ:

– Հպարտութեամբ յաճախակիօրէն օգտագործել հայերէն խօսակցական լեզուն:

– Հայերէն լեզուի խտացեալ դասընթացքներու կազմակերպումը չափահասներու համար:

– Հայերէնի չգործածութիւնը պիտի առաջնորդէ մեր լեզուն կորուստի (մեռեալ լեզուներու շարքին):

– Կազմակերպել ձեռնարկներ ազատ արտասանութեան եւ նոյնիսկ ընթերցումի:

– Հրաւիրել գաղութին ծանօթ մտաւորականներ, որպէսզի երիտասարդներու կամ պատանիներու խումբին հետ ընթերցեն կարճ յօդուածներ կամ գրութիւններ:

– Միասին լսել ու դիտել հետաքրքրական հայկական տեսանիւթեր կամ տեսաերիզներ եւ քննարկել նիւթը վերջաւորութեան:

– Քաջալերել երիտասարդները որ իրենց text եւ e-mail-ները հայերէնով ղրկեն:

– Ընթերցանութեան յատուկ կայքէջ ստեղծել ուր համադրուին ընթերցելի յօդուածներ, համառօտուած գիրքեր յայտնի գրողներէ, ուր երիտասաարդին նաեւ տրամադրելի ըլլայ ալազան նիւթեր:

– Կայքէջին վրայ Comment-ներու մաս ունենալ որպէսզի մարդիկ աւելիով արտայատեն իրենց միտքերը ու տան թելադրութիւններ:

Back to Culture

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.