Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` պատմաբան եւ «Յուշամատեան» – Արեւմտեան Հայաստանի եւ յարակից հայաբնակ տարածքներու վերաբերեալ գիտելիքներու շտեմարանի խմբագիր՝ Վահէ Թաշճեանի հետ

By: | Posted on: 06.05.2014

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Ի՞նչ էր պատճառը որ «Յուշամատեան» կայքէջը ստեղծեցիք եւ տեղեկութիւնները ինչպ՞էս համադրեցիք

Յուշամատեան ծրագիրը երբ սկիզբ առաւ, առաջին հերթին պատմագիտական դժուարութիւններ են, զորս մեզի մտածել տուին ստեղծելու այսպիսի ընդարձակ բովանդակութեամբ ու ծաւալով կայքէջ մը։

Այսպէս, օսմանագիտութեան մէջ շատ յաճախ գիտաշխատողներ դէմ յանդիման կը գտնուին աղբիւրներու օգտագործման լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։ Ասոր բուն պատճառը նախ եւ առաջ Օսմանեան կայսրութեան բազմաէթնիք բնոյթն է, ուր բաղկացուցիչ ժողովուրդներ օգտագործած են մէկէ աւելի լեզուներ (օսմաներէն-թրքերէն, արաբերէն, հայերէն, յունարէն, պուլկարերէն, լատինօ, եւայլն)։ Այս կը նշանակէ անշուշտ, որ օսմանեան պատմութեան վերաբերող նիւթերը նոյնպէս բազմալեզու են ու անոնց ուսումնասիրութիւնը կը պահանջէ բազմակրթանք աշխատանք։ Իսկ զանազան թեմաներու հետազօտման ընթացքին երբ կ՚անտեսուին այս կամ այն ժողովուրդին օգտագործած լեզուն եւ այս ճամբով նաեւ երբեմն շատ հարուստ աղբիւրագիտութիւն մը, այն ատեն պարզ է որ տուեալ ուսումնասիրութիւնը պակասաւոր կ՚ըլլայ ու չի կրնար գիտական պահանջքներուն լաւապէս գոհացում տալ։

Այս իմաստով հայկական աղբիւրագիտութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր օսմանագիտութեան պակասաւոր օղակը հանդիսացած է։ Գոյութիւն ունին գիտական բնոյթի բազմաթիւ գիրքեր ու յօդուածներ, որոնք երբեմն ուղղակի օսմանեան հայերուն կը վերաբերին, բայց եւ այնպէս անոնք մեծաւ մասամբ հիմնուած են օսմաներէն-թրքերէնով գրուած նիւթերու վրայ։ Այս բնոյթի աշխատանքներ այնքան յաճախակի են, որ ժամանակի ընթացքին օսմանագիտութեան մէջ հայկական աղբիւրներուն անտեսումը սովորական եւ մինչեւ իսկ «ընդունելի» երեւոյթի մը վերածած են։ Հետեւանքը այն կ՚ըլլայ որ գիտական աշխատանքներու մէջ հայը կը ներկայացուի լոկ օսմանեան պետական արխիւներու հայթայթած տեղեկութիւններուն եւ որակումներուն ընդմէջէն։ Բան մը որ պակասաւոր է եւ՝ ըստ ամենայնի անհանդուրժելի։

Արդարեւ կը պակսի հայ տարրին հայեացքը իր իսկ հարցերուն վրայ, իր իսկ առօրեայ կեանքին վրայ։ Այս առումով հայատառ նիւթերը բազմազան են ու մեծապէս հարուստ։ Անոնք մեզ կ՚առաջնորդեն օսմանեան նոր աշխարհ մը, որուն զանազան երեսներուն հետքն անգամ անգտանելի է ոչ-հայատառ աղբիւրներու մէջ։ Անոնք մեզ կը նկարագրեն գաւառային կեանքի այնպիսի պատկերներ, որոնք շատ յաճախ նորութիւններ են օսմանագիտութեան մէջ։ Այս իմաստով ալ, մեր նպատակն է նոր արժէք մը տալ օսմանեան հայերուն վերաբերող հայատառ նիւթերուն ու զանոնք մատչելի դարձնել ոչ-հայախօս հասարակութեան։ Այս բոլորը կը կարծենք որ բնական անհրաժեշտութիւն մըն է օսմանագիտութեան համար։ Արդ, Յուշամատեան կայքէջին ճամբով մենք կը ձգտինք ներկայացնել օսմանեան հայերու կեանքը՝ հիմնուած հայատառ սկզբնաղբիւրներու վրայ։ Համոզուած ենք որ մեր այս նախաձեռնութիւնը պիտի նպաստէ Օսմանեան պատմութիւնը բազմակրթանք ուսումնասիրութեան ենթարկելու ընդհանուր ճիգերուն։

 

Ինչ՞ու կը կարծէք այսպիսի գործեր քաջալերելը անհրաժեշտ է:

Կ’ապրինք նոր ժամանակներու մէջ. պատմութիւնն ու «պատմական ճշմարտութիւնը» այլեւս դադրած են մենաշնորհը ըլլալէ մէկ պետութեան, մէկ վարչակարգի, մէկ գեր-պետութեան, մէկ կրօնքի, մէկ քաղաքական կազմակերպութեան: Համացանցն ու հաղորդակցական արհեստագիտութիւնը այսօր կարելիութիւններ ստեղծած են գաղափարական անցարգելներ, պատնէշներ շրջանցելու, մատչելու եւ մատչելի ըլլալու աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող որեւէ մէկուն: Մշակութային եւ արհեստագիտական այս փոփոխութիւնները կարելիութիւններ ստեղծած են նոր տարածքներու ստեղծման (յաճախ virtual տարածքներ), որոնք դարձած են իւրայատուկ վայրեր՝ հրապարակաւ նոր գաղափարներ եւ նոր մտածելակերպեր արտայայտելու, նորարար ձեւերով պատմութիւնն ու անցեալը դիտելու եւ ուսումնասիրելու:

Յուշամատեան կայքէջի ծրագիրը նոյնպէս այս նոր ժամանակներուն ծնունդն է: Եթէ 1920ականներէն սկսեալ Սփիւռքի առաջին սերունդը տպագիր գիրքը իբրեւ միջոց ունէր իր ժառանգութիւնն ու անցեալը ուրիշներու հետ բաժնեկցելու, զանոնք փոխանցելու, ապա այսօր մենք ունինք համացանցը եւ իր հետ նաեւ հաղորդակցական արհեստագիտութեան անծայրածիր  կարելիութիւններ:

Պատմութիւնը կը փորձենք ներկայացնել առարկայական ձեւով, հեռու մնալով գաղափարական ազդեցութիւններէ, որոնք այնքան շատ են այսպիսի բարդ եւ ուղղակի՛ հայ-թրքական դարաւոր յարաբերութիւններուն առնչուող ընդարձակ նիւթի մը պարագային:

Շեշտը կը դնենք 1915էն առաջ գոյութիւն ունեցած կեանքին վրայ: Մեր նպատակն է ցոյց տալ Օսմանեան Կայսրութեան հայերու կեանքի բազմաշերտ, հարուստ եւ խայտաբղէտ երեսները: Մեր նպատակն է նո՛ր արժէք մը տալ գիւղերու եւ քաղաքներու հայերու տեղական պատմութեան, մանրապատմութեան:

Երբ շեշտը կը դրուի կեանքին ու տեղական պատմութեան վրայ, երբ կարելի կ’ըլլայ գրութիւններով, պատկերներով արտայայտել նախաեղեռնեան կեանքին բազմերեսութիւնը, կը կարծեմ որ համոզիչ կերպով ցոյց տուած կ’ըլլանք նաեւ այն ակնբախ բացակայութիւնը (բնակչային եւ մշակութային), որ առկայ է այսօրուան Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ:

 

Նկատեցի որ երեք լեզուներով կարելի է ուսումնասիրել կայքէջը: ի՞նչ էր պատճառը որ Թրքերէն աւելցուցիք:

Երբ աւելի քան երեք տարի առաջ Յուշամատեան ծրագիրին ձեռնարկեցինք, մեր նպատակն էր ստեղծել եռալեզու կայքէջ մը. անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն։ Առայժմ ունինք միայն հայերէն եւ անգլերէն տարբերակներ։ Կարելի է հասկնալ որ մեր նիւթերը ուղղուած են առաջին հերթին հայ եւ թուրք հասարակութիւններուն։ Համոզուած ենք, որ մեծ մասամբ արդի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող անցեալի այս գիւղերուն ու քաղաքներուն յիշողութիւնը միայն հայերուն չի վերաբերիր։ Այո՛, մեր ուսումնասիրածը օսմանեան հայերու ժառանգութիւնն է, բայց անիկա միաժամանակ անքակտելի մասն է տեղական համընդհանուր ժառանգութեան, որ փաստօրէն կերտուած է զանազան խումբերու համակեցութեան պայմաններուն մէջ։ Այս իմաստով ալ Յուշամատեան կայքէջը կը ձգտի ըլլալ համագործակցութեան վայրը՝ թէ՛ մեզ շահագրգռող վայրերու մերօրեայ բնակիչներուն, թէ՛ իրենց ծագումով նոյն այս տարածքներէն սեռած անհատներուն, թէ՛ ընկերային գիտութիւններու մասնագէտներու, որոնց շարքին մանաւանդ օսմանագէտներու ու պատմագէտներու եւ թէ բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան այսպիսի ժառանգութեան մը վերականգման կարեւորութեան։ Ի վերջոյ համոզուած ենք, որ օսմանցի հայերու ապրած կեանքին յիշողութեան վերականգման վերաբերող մեր աշխատանքը կրնայ աւելի եւս հարստանալ ու ճոխանալ, երբ անոր մասնակից կը դարձնենք սոյն տարածքներուն այսօրուան բնակիչները, այս վայրերուն «հողին ու ջուրին» հետ անմիջականօրէն առնչուող անհատները։ Այն ժամանակ, երբ մեր կայքէջը յաջողի դառնալ հանդիպման այն միջոցը, ուր միասնական ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ կարեւոր չափերով վերականգնել անցեալի այս ժառանգութիւնը, այն ատեն կրնանք ըսել որ Յուշամատեանը հասած կ՚ըլլայ իր գլխաւոր նպատակներէն մէկուն։

Յոյսով ենք նաեւ որ ի վերջոյ պիտի յաջողինք ունենալ մեր կայքէջին թրքերէն լեզուով տարբերակը, բան մը որ միշտ ալ մեր առաջնահերթութիւններէն եղած է, բայց դրամական պատճառներով չենք յաջողած զայն մինչեւ օրս իրագործել։

 

Անձամբ այցել՞ած էք այս վայրերը

Ո՛չ, այս վայրերէն շատ քիչեր այցելած եմ։ Դժուար է բացատրել, բայց հեռուէն դիտելն ու ուսումնասիրելը կարծեմ աւելի դիւրին է։ Ի վերջոյ հայկական խումբին կը պատկանիմ եւ հայկական փորձառութեան կրողն եմ։ Կարծեմ այս ժառանգութիւնը կրողներէն բոլորն ալ այս կամ այն ձեւով արտասովոր յարաբերութիւն մը ունին այս տարածքներուն հետ, այստեղ ապրած հայերու պատմութեան հետ, Ցեղասպանութեան հետ։ Իմ պարագայիս այս մէկը ներկայ հանգրուանին կ՚արտայայտուի այս տարածքներուն հայկական պատմութիւնը հեռուէն ուսումնասիրելու երեւոյթով, առանց նոյն այս վայրերը այցելելու մեծ փափաք մը ունենալու։

 

Նպատակ ուն՞իք ապագային ուրիշ նման ծրագիրներ ներկայացնելու:

Մեր ուսումնասիրած նիւթը շատ ընդարձակ է։ Օսմանեան կայսրութեան գրեթէ ամբողջ տարածքին հայեր կ՚ապրէին եւ հայերէն սկզբնաղբիւրները օսմանեան հայերուն մասին շատ հարուստ են։ Մեր կայքէջին մէջ տեղ գտած նիւթերը մինչեւ այսօր հազիւ 10 տոկոսը կը լրացնեն այս ընդարձակ վերնագիրին որ կը կոչուի «Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութիւն եւ առօրեայ կեանք»։ Ուրեմն, 3 տարիներու ընթացքին մեր իրագործածը թէեւ մեծ կ՚երեւի, բայց եւ այնպէս ընդհանուր նիւթին նկատմամբ վիթխարի բան մը չէ։ Այլ խօսքով, կարելի է ըսել ծրագիրը երկար է եւ այնքան ատեն որ միջոցները կան՝ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները այս ուղղութեամբ։

Ասոր կողքին, արդէն սկսած ենք մեր հրատարակութիւններուն։ Այս տարուայ սկիզբին լոյս ընծայեցինք Յուշամատեանի առաջին գիրք-ալպոմը՝ Ottoman Armenians: Life , Culture, Society (Vol 1)։ Այստեղ տեղ գտած են հինգ գիտական յօդուածներ։ Նոյն գիրքին մէջ տպած ենք նաեւ հարիւրաւոր հին լուսանկարներ՝ Օսմանեան կայսրութեան հայերու վերաբերեալ։ Պատկերները բաժնուած են երեք մասերու. ընտանեկան պատկերներ,  արհեստներու պատկերներ եւ դպրոցական պատկերներ: Յոյս ունինք երկրորդ հատոր մըն ալ տպել գալ տարի, այս ձեւով ամէն տարի մէկ հատոր լոյս ընծայելու աւանդութիւն մը պահպանել։

 

Back to Armenia

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.