Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Հայ Երիտասարդին Դերը Հայ Դատի Նկատմամբ

By: | Posted on: 11.07.2012

«Չկայ հզօր հայրենիք առանց յանձնառու եւ պահանջատէր երիտասարդութեան»։

Երիտասարդութիւնն է որ յաճախ պաշտպանած է եւ տակաւին պիտի պաշտպանէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու հայ դատը։ Առանց երիտասարդութեան, ազգն ու հայրենիքը կը մնան տկար եւ անհեռանկար։ Հիմնուելով այս գաղափարին, ի յայտ կու գայ թէ հայրենիքը եւ հայ երիտասարդութիւնը անբաժան եւ ամբողջացուցիչ մասնիկներ են որոնք հիմքն են ամբողջական եւ առողջ ազգի մը կերտումին։

Երիտասարդութիւնն է ազգին ապագան որ կը փայլի իր աչալուրջ աշխատանքով։ Երբ մենք մեզի հարց կու տանք թէ ինչո՞ւ կը փորձենք հայօրէն ապրիլ սփիւռքի մէջ, եւ թէ ինչո՞ւ մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին կը դիմենք զանազան միջոցներու՝ դաստիարակուելու եւ դաստիարակելու ազգայնօրէն, կը հաստատենք այն համոզումը թէ հայուն հայօրէն անկաշկանդ ապրիլը ինքնանպատակ չէ եւ չի կրնար ըլլալ, այլ ունի հիմնական մէկ տեսլական՝ Ազատ, Անկախ եւ Ամբողջականօրէն հայ ապրիլը։ Մեր բոլոր աշխատանքները, ճիգերը որոնք  կը տրամադրուին սփիւռքի հայապահպանման համար,  կը հետապնդեն մէկ նպատակ՝ հայ ազգի եւ հայրենիքի յաւերժութիւնը։ Բազմաթիւ ազգեր, փոքր թէ մեծ, այսօր անհետացած են, որովհետեւ չեն կրցած պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը։ Իսկ մենք, իբրեւ հայ ժողովուրդ, կրցանք գոյատեւել՝ շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին, Մեսրոպածին հայոց լեզուին եւ գոյատեւելու աննկուն կամքին։ Այս եղաւ նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդութեան մտասեւեռումը. եւ որպէս նշանաբան՝ ան հաւատաց եւ կառչած մնաց Պարոյր Սեւակի «Կա՛նք պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք» կարգախօսին։

Հայ երիտասարդութիւնը, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, ջանք չխնայեց իր հայրենասիրութեան եւ ազգապահպանման աշխատանքներու յաջողութեան համար, եւ կազմակերպական իր կառոյցներով միշտ ալ պատրաստեց յանձնառու եւ գիտակից հայրենանուէր երիտասարդներ, շարունակելու իրենց վստահուած աշխատանքները՝ միշտ վառ պահելով նախաձեռնողի եւ ղեկավարի ազգային վեհանձն գործը հայակերտումի բոլոր բնագաւառներէն ներս՝ քաղաքական, ընկերային եւ կամ մշակութային ։

Արդարեւ, սփիւռքի գոյութիւնը պէտք է ծառայեցնել հայրենիքի հզօրացումին համար, եւ հայրենիքի գոյութիւնը, անհրաժեշտ դարձնել մեր ազգի գոյութեան համար։ Հետեւաբար, մենք իբրեւ հայ երիտասարդներ, կը ներշնչուինք եւ մեր աւիւնը կը ստանանք մեր վերանկախացած հայրենիքէն՝ նպատակ ունենալով ամբողջական հայրենիքի կերտումը։ Արդ, պարտադրաբար ստեղծուած սփիւռքի երիտասարդը կարեւոր է որ ապրի եւ մտածէ հայօրէն՝ միայն հայրենիքի համար։ Սփիւռքի կառոյցները պէտք է օգտագործենք որպէս միջնաբերդ, որուն մէջ պիտի դաստիարակուին հայրենիքէն հեռու ծնունդ առնող հայ մանուկն ու պատանին մեր ազգային արժէքներով լիցքաւորուած, որպէսզի պաշտպանուի մեր ինքնութիւնն ու հայրենիքը։

Այսօր, սփիւռքի քաղաքականացած հայ երիտասարդը հպարտութեամբ պատրաստ է հայ դատի ճամբով պաշտպանելու հայոց արդար իրաւունքները՝  մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արեան հատուցումը, եւ Արեւմտահայաստանի հայոց հողերու վերադարձը։ Ան գիտակից է եւ տէրը իր արդար իրաւունքներուն, եւ համաշխարհային քաղաքական բեմերէն կը մնայ պահանջատէր դրօշակակիրը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։ Հայ Դատի ճամբով, ան կը դիմէ ամէն միջոցի, զօրավիգ կանգնելու Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին, գիտակցելով թէ ինքն է վաղուայ ղեկավարութիւնը։

Արդ, կոչ կ’ուղղենք բոլոր երիտասարդներուն որ միացնեն իրենց ճիգերը արդար եւ անյետաձգելի հայ դատի լուծմանի խնդիր տարուած աշխատանքներուն, եւ ինքնավստահ ու հաստատ կամքով միանան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական Միութիւններու շարքերուն՝ որոնց սրբազան նպատակն է ստեղծել հզօր հայրենիք մը՝ ամբողջական հայութեամբ։

Back to Armenia

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.