Հայ Ազգային Պար

By: | Posted on: 22.02.2013

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

«Պարը արտայայտում է իւրաքանչիւր մի ազգի բնորոշ գծերըմանաւանդ բարքն ու քաղաքակրթութեան աստիճանը:»

ԿՈՄԻՏԱՍ

Ժամանակէն ի վեր, պարը եղած է արտայայտութեան մէկ ձեւ մը, մարմինի միջոցաւ: Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր յատուկ պարը որ կը նկարագրէ իր ժողովուրդին հին պատմութիւնը:

Հայ ազգային պարը մեծ դեր կը կատարէ մեր մշակոյթը կատարեալ պահելու համար:  Հայ ըլլալ չի նշանակեր միայն «եան» մասնիկը ունենալ մեր մականունին մէջ: Մեր ինքնութիւնը անիմաստ կ’ըլլայ առանց մեր հարուստ մշակոյթին: Արուեստական պարը նոյն գան կարեւորութիւն ունի Հայ կրօնքի, պատմութեան, գրականութեան, երաժշտութեան, եւ ճարտարապետութեան հետ հաւասար: Այս բոլորը Աստուծմէ մեզի տրուած օրհնութիւն ու տաղանդներն են, որպէսզի մենք մեր Հայ ազգը միշտ բարձր պահենք: Պէտք է բախտաւոր եւ հպարտ զգանք որ հարուստ մշակոյթ ունինք, զոր աշխարհի ամէնէն գեղեցիկն է: Ուստի, մեր պարտականութիւն է, իբր Հայ երիտասարդներ, պարը ողջ պահել. Իսկ միակ ձեւը ողջ պահելուն՝ պարելն է:

Ժամանակին, պարը ապրելակերպ եղած է, եւ ոչ թէ այս օրերուն նման բեմադրութիւն մը: Պարը գործիք մըն էր որ կը ծառայէր իբր ուսուցիչ, որպէսզի սերունդներ շարունակ, Հայերը սորվէին իրենց պատմութեան մասին: Պարը անցեալին եւ մինչեւ այսօր նաեւ դաստիարակչական միջոց մըն է: Կը սորվեցնէ հրահանգներ լսել ու հետեւիլ, եւ միասնաբար աշխատիլ որպէսզի հաւասար եւ ուղիղ կերպով, միայն մէկ մարմին երեւի:

Հայկական մեր սիրուն պարը շարժուն նկարչութիւն է: Ամէն փոքր մարմինի շարժում խորհրդանիշ է մեր նախահայրերուն ամէն օրուայ կեանքին: «Յար Խուշտա» ռազմական պարը օրինակ, կը նկարագրէ հզօր զինուորական շարժումներ: Զոյգերուն ծափի շարժումը կը նկարագրէ զէնքերու փոխանցումը, իսկ ծափին ձայնը խորհրդանիշ է զէնքին հարուածի ձայնին: Քնարական նազ պարերը կը նկարագրեն Հայ աղջիկներու յարաբերութիւնը բնութեան հետ: «Կակաչներ» եւ «Կրունկներ» պարերը, օրինակ, կը ներկայացնեն հայուհիներու քնքուշ եւ նայիրեան ձեռքերու շարժումներն ու հպարտ կեցուածքը:

Հայկական պարը նաեւ նշանաւոր է իր զուտ Հայկական տարազներուն համար: Իւրաքանչիւր պարատեսակ ունի յատուկ տարազ մը, որ կը նկարագրէ այն տարածաշրջանը ուր պարատեսակը հիմնուած է:  Տարազները նաեւ կը նկարագրեն պարին նիւթը: Օրինակ, «Սարտարապատ» պարին տարազը կ’ըլլայ զինուորական որ կը յիշատակէ պատերազմ մը:  Տարազները կ’օգտագործեն Հայկական գոյներ, որ մեր պատմութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք, օրինակ` որդան կարմիրը:

Ցաւալի է սակայն, որ տարիներու ընթացքին, Հայ ազգային պարը կորսնցուցած է իր արժէքը: Տարիէ-տարի, պարողներուն թիւը աստիճանաբար աւելի կը պակսի,  եւ աւելի քիչ երիտասարդներ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան Հայ ազգային պարին հանդէպ: Այս օրերուն, սովորական է Հայ երիտասարդներ օտար պարի դասընթացքներու հետեւիլ, Հայկական պարի փոխարէն: Կը սորվին «Պալէ» կամ «Ճազ» պարատեսակները, իսկ Հայկական մեր ազգային եւ աւանդական պարերը կամ կը մոռնան, եւ կամ ալ արդէն իսկ տեղեակ չէն անոնցմէ: Ինչպէս Գագիկ Գինոսեանը, «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, նշած է, «Իւրաքանչիւր ազգ պէտք է զարգանայ իր տեսակի մէջ, ոչ թէ կապկի ուրիշներին:» Երբ մենք մե՛ր պարը կը պահենք ու ջանք կը թափենք սորվիլ, այն ատեն մեր ազգը աւելի լաւ կը հասկնանք եւ կը գուրգուրանք անոր: Կը նկատէք թէ ուրիշ ազգերու հետ յարաբերիլը աւելի դիւրիւն կ’լլայ որովհետեւ կը յարգէք զիրար, եւ գիտէք որչափ դժուար է օտարութեան մէջ ձեր ազգն ու մշակոյթը պահել:

Ներկայիս, Հայ ազգային պարը հին աւանդական ոճը չէ պահած: Որովհետեւ ներկայիս երիտասարդները աւելի հետաքրքրուած են օտար պարատեսակներով, ստիպուած են պարուսոյցները ծանօթացնել այս պարերը Հայկական պարերուն, յուսալով որ աւելի գրաւիչ կ’լլայ իրենց համար: Պարերը կը բեմադրուին աւելի արդիական երաժշտութիւններու, օրինակ`«Ինկա եւ Անուշ» կամ «Արա Գեւորգյան», «Ալեքսանդր Սպենդիարյան» կամ «Խաչատուր Ավետիսյան»-ի աւանդական երաժշտութիւներու փոխարէն: Աղջիկները եւ տղաները ներկայիս նաեւ կրնան միասին պարել, սակայն անցեալին այս արտօնուած չէր:

2013 տարեշրջանը դեռ նոր սկսաւ: Այս տարի ի՞նչ կրնաք ընել որպէսզի Հայ ազգային պարը ձեր կեանքին մէջ վերածնուի: Եթէ ձեր գաղութը պարախումբ մը ունի, մասնակցեցէ՛ք: Հայկական պարի դասընթացքները բազմաթիւ առաւելութիւններ ունին: Ո՛չ միայն մեր ազգային պարը կը սորվիք, այլ նաեւ կը սորվիք Հայկական երգահաններու եւ երաժշտութիւներու մասին: Յաճախ Հայկական մթնոլորտի մէջ կը գտնուիք, նոր անձերու հետ կը ծանօթանաք, եւ անշուշտ լաւ մարզանքի օրինակ մըն է: Կարելի է նաեւ պարեր կամ այլ հին աւանդութիւններ սորվիլ ձեր մեծ մայրերէն եւ հայրերէն: Սակայն, սորվիլը առանձին` բաւարար չէ: Ձեր սորվածը պէտք է նաեւ տպաւորիչ ազդեցութիւն մը ունենայ ձեր շուրջիններուն: Կարեւոր է նախ դուք սորվիք, ապա`սորվեցնէք ուրիշներուն: Գիտութիւնը եղած է տարածելու համար: Երբ դուք կը սորվիք Հայ ազգային պարը, ձեզի համար է այդ օգուտը որովհետէւ կը կապէ ձեզի Հայկական մշակոյթին: Սակայն, երբ դուք ուրիշներուն սորվեցնէք Հայ ազգային պարը, այն ատեն է որ մեր Հայկական պարը ողջ կը մնայ եւ Հայկական մշակոյթը կը պահուի դարեր շարունակ: Կարելի է պարը սորվեցնել ձեր ընկեր-ընկերուհիներուն կամ հարազատներուն: Սակայն, իբր Հայ երիտասարդներ, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, մեր ամէնէն կարեւոր պարտականութիւնն է Հայ ազգային պարը փոխանձել եկող սերունդներուն: Մեր ուսուցիչները եւ պարուսոյցները, յաւիտեան մեր հետ պիտի չմնան: Փոխանակ իրենց հետն ալ կորսնցնենք մեր Հայկական պարերը, առիթներ ստեղծենք որպէսզի իրենցմէ սորվինք եւ իրենց սուրբ գործը շարունակենք:

Ուրեմն յաջորդ անգամ որ դհօլի եւ զուրնայի հրաւէրը լսէք, ոտքի ելէ՛ք եւ պարեցէ՛ք: Նոյնիսկ եթէ պարը ծանօթ չէ ձեզի, մ՛ի ամչնաք. Շուտով կը սորվիք եւ Հայկական պար պարելու սէրը ձեր սրտերուն մէջ կը շատնայ: Ազգային պարի պահպանութիւնն ու գործունէութիւնը կարեւոր է, մանաւանդ մեր փոքր ժողովուրդին համար, որովհետէւ մշակոյթնէ մեր զէնքը:

Back to Culture

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.