Կռունկին Կանչը Հեռաւոր Պանդուխտին
By: Tamar Najarian | Posted on: 12.02.2014Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Կռունկին կանչը այնքա՜ն գեղեցիկ է: Հեռուէն անուշ կը հնչէ, թախծոտ ու տրտում: Մօտենալէն ետք է որ ցնծութեան աղաղակները հոգւոյդ մէջ այրող ազատութեան տենչը կը մեղմացնեն եւ հայրենիքի կարօտը քիչ մը կը հագեցնեն: Իսկ երբ քու դիմաց հպարտ Արարատն է կանգնած, ու կողքիդ՝ Արագածը քառագագաթ, ինքդ կը զգաս զօրեղ ու արի: Երբ Արաքսի ափին զուլալ ջրերն ըմպես, մատաղ գառին համեղ մսերն ճաշակես, այն ատեն կը զգաս քեզ հպարտ ու արի՝ իսկապէս Հայ:
Գանատայի կեանքս ետիս թողած, 2013-ի ամրան վերջնականապէս որոշեցի հաստատուիլ Հայաստան: «Օտարութիւն» երգելէն ձանձրացած, միակողմանի օդանաւային տոմսով ժամանեցի Երեւան: Բաժնուեցայ ընտանիքէս, հեռացայ ընկերներէս, բայց յոյսս միշտ վառ պահելով որ օր մը նորէն պիտի միանանք, այս անգամ անպայմա՛ն հայրենի հողին վրայ: Երկիր մ’ ունինք մենք այսօր, անկախ Հայաստան. դարեր ամբողջ երազելէ ետք, մեծ հարցական էր ինձ՝ «ինչո՞ւ ապրիմ օտարութեան»: Որոշումս հաստատ կայացուցած, չորրորդ սերունդ ծնելով ապրելէ ետք սփիւռքի օտար ափերուն, վերդարձած եմ իմ ակունքներուս, բախտակից դառնալով ապրելու հայրենի ժողովուրդիս հետ միասին:
Ինչպէս բոլոր աշխարհը, նոյնպէս Հայաստանը դրախտ չէ: Բայց եւ այնպէս ինքնին դրախտ է: Բացատրելը այս իրողութիւնը անհնարին է: Պէտք է ապրիլ այդ: Զգացում մըն է, բացատրութիւնը՝ միա՛յն հողի հաղորդակցութեամբ կարելի: Այստեղ դուն մարդ ես եւ ոչ անանուն հաշիւ:
Արդ՝ հպարտութեամբ կու գամ արտայայտուիլ թէ յետ այսու զբօսաշրջիկ չեմ իմ երկրին մէջ, այլ՝ հարազա՛տ քաղաքացի: Արեւմտահայերէնի խօսակցական ոճիս յատուկ հնչիւնները ինձ կը տարբերեն արեւելահայերէն, սակայն այդ եւս համարելով հարստութիւն, երբ հարց տրուի թէ «որտեղի՞ց եմ ժամանել Հայաստան», անմիջական պատասխանս կ’ըլլայ՝ Երեւանցի եմ: Գանատա եմ ծնուել, Գանատա մեծացել ու Գանատայի ջուրերն եմ խմել սառնորակ, սակայն ինքս երբեք չեմ զգացեր Գանատացի: Հայաստան ապրելէս ի վեր, արտերկրի քաղաքացի չեմ կարող կոչել ես ինձ: Հայ եմ ու Հայաստանցի, բառին բուն իմաստով:
Պապերս Արեւմտահայաստանէն են, ինչպէս եւ Սփիւռքի մեծամասնութիւնը: Շատերը պիտի ըսէին թէ այսօրուայ Հայաստանը իրենց նախնիկների հողը չէ: Շատերը պիտի մտածեն թէ մեր մի բուռ հողն այս օրուայ, որպէս հայրենիքի մէկ բաժինը, հողն ու շրջանը չէ իրենց նախահայրերու: Այս մտայնութիւնը անտեղի ու չափազանց վտանգաւոր է: Մոռցուած կամ չիմացուած իրականութեան մը առաջ կը գտնուինք: Այսօրուայ Հայաստանցիին պապերու մէկ բաժինն ալ Մուշէն, Արտահանէն, Կարսէն, Էրզրումէն, Սասունէն կամ այլ Արեւմտեան Հայաստանի հողերէն գաղթական եկած ու հաստատուած են ճիշդ ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք: Նոյն ճակատագրի բախտակիցն է այսօրուայ Հայաստանցին: Այս հողը մեր փառաւոր անցեալէն իբր նմուշ մնացած տասը տոկոսն է ամբողջական Հայաստանի: Մերն են մեր ձեռքերով հիւսուած եւ այսօր կիսաքանդ բերդերու, վիշապաքարերու ու ժայրապատկերներու միջոցաւ ամբողջացող հայոց պատմութիւնը: Միթէ չե՞ն հասկնար մեր ազգակիցները թէ այդ անպատասխանատուութիւնն է որ օրն ի բուն կը քանդէ այս երկիրը: Մեր ապագայի միակ կերտող ուժը մեր միակամութիւնն է, մեր բռնցկուածութիւնը:
Արդ՝ եթէ իսկապէս կ’ուզէք տեսնել հայրենիքը Հայու աչքերով, եթէ կը փափաքիք հասկնալ ձեր իմացականութեան մէջ բացթողուածը, կը հրաւիրեմ բոլորդ հայրենիք: Հրամմեցէ՛ք Հայաստան: Ան, իր զաւակներուն կարօտով, կը սպասէ բոլոր Հայերու վերադարձին: Եկէ՛ք պահպանենք մեր ունեցուածքը, մեր բուռ մը մնացած անփոխարինելի գանձերը, մեր ինքնութիւնը: Ծաղկեցնենք մեր դաշտերն ու ձորերը, մեր ձեռքերով հերկենք մեր հողերը ու պայքարինք այս անգամ ոչ թէ ազատութեան համար, այլեւ՝ դրախտավայր Հայաստանի տեսլականով:
Կռունկին կանչը այնքան գեղեցիկ է, այնքան կարօտով ու տխուր հրճուանքով լի: Կը սպասէ պանդուխտ զաւակներու վերադարձին, աչքը ընդմիշտ յառած ճամբին: Իսկ դուք, սիրելի հայեր, ե՞րբ պիտի ընդառաջէք իր այս խնդրանքին: Լսելով կրունկին կանչը, ձեր քայլերը թող ուղուին դէպի մեր բոլորին հայրենիքը՝ Հայաստան: