Խելացի «յիմարութիւն»
By: Rupen Janbazian | Posted on: 14.10.2014Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Այսօր մեծմօրս հետ էի. ամբողջ օրը իրար հետ անցուցինք: Վաղուց առիթը չէի ունեցած առանցին ժամանակ անցընելու իր հետ: Անշուշտ յաճախ կը տեսնուինք, բայց չէի կրնար յիշել թէ վերջին անգամ երբ երկուքս ամբողջ օր մը իրար հետ անցուցած էինք:
Զրուցեցինք երկար. որպիսութիւն, «հալ-քեֆ», ապագայ ծրագիրներ, եւ այլն: Խօսակցութեան ժամանակ, մեծմայրս նկատեց թէ աչքերս շատ քիչ կը հեռանային հեռաձայնէս, ուրեմն բնականօրէն, ան հարցուց թէ ինչու:
-Ի՞նչու միշտ կեդրոնացած ես այդ մեքենայիդ վրայ. հարցուց մեծմայրս:
-Որովհետեւ ամէն ինչ կրնայ ընել հեռաձայնս. շուտով պատասխանեցի, առանց հայեացքս բարձրացնելու:
-Ամէ՞ն ինչ:
-Լուրերս այստեղէն կ՛առնեմ, ընկերներուս հետ այսպէս կապ կը պահեմ, երաժշտութիւն այստեղէն կը լսեմ…Ամէ՛ն ինչ:
Կասկածոտ, մեծմայրս հարց տուաւ թէ ինչպէ՞ս այս պզտիկ «մեքենան» կրնար այնքա՜ն տեղեկութիւն իր «միտքը» պահել։ Ու ան բոլորովին ապշեցաւ երբ բացատրեցի թէ հեռաձայնս նոյնիսկ հայերէն կը հասկնար եւ թէ իր սիրած բոլոր պատմուածքները, բանաստեղծութիւններն ու երգերը կային անոր մէջ։
Խնդրեց որ Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլի) «Խաբողին խաբող ու կէս»–ը գտնեմ։ Քիչ մը պրպտելէ ետք (այսինքն Google ընելէ ետք), գտայ մանկական բանաստեղծութիւնը (որ զարմանալիօրէն երկար էր եւ ունէր բաւական հարուստ բառամթերք)։ Մեծմայրս պնդեց որ ան անգիր կը յիշէ իր մանկութեան տարիներու նախասիրած բանաստեղծութիւնը։ Խնդրեց որ հետեւիմ հեռաձայնիս վրայ ու սկսաւ…
«Կարմիր բբուկ, սեւ սեւ բիտեր,
Լանջքը կանաչ, վրան կէտեր,
Գլուխը վեր բռնած, յոխորտ,
Կտկտալով, կտկտալով,
Տան մ’ աղբիւսին մէջ խորտուբորտ
Ինք իրմէ գոհ՝ կը ճեմէ վէս
Աքլոր մ’ աղուոր ու ոսկեգէս,
Կտկտալով, կտկտալով:
Մէյ մ’ ալ նայիս, կամաց-կամաց,
Գլուխը կախ, սիրտը ցաւ,
Աղուէս մը չոր ոսկոր դարձած՝
Մեր աքլորին մօտեցաւ:»
…Ու շարունակեց. բառ առ բառ. անսխալ. առանց որեւէ շփոթումի։ Զարմացած, մեծմօրս հարց տուի թէ արդեօք ե՞րբ սորված էր այս բանաստեղծութիւնը։ Քիչ մը մտածեց ու պատասխանեց՝
-Կ՛երեւի վաթսուն-հինգ տարիներ առաջ, տղաս…։
Իսկապէս հետաքրքրական օրեր կ՛ապրինք։ Իրօք, հիանալի են այսօրուայ հնարքները։ Վաթսուն-հինգ տարիներ առաջ ո՞վ կրնար երեւակայել թէ փոքրիկ «մեքենաներ» պիտի պարունակեն այսքան տեղեկութիւն (եւ նոյնիսկ հայերէն պիտի հասկնան)։ Սակայն աւելի հետաքրքրականն այն է, թէ մինչ մեծմայրս անգիր կ՛արտասանէր վաթսուն-հինգ տարիներ առաջ սորված այս կտորը, իմ 12-րդ դասարանի աւարտական հանդէսի ընթացքին ասմունքած բանաստեղծութեան անունն իսկ չկրցայ յիշել։ Միայն 8 տարիներ առաջ էր այն հանդէսը…
Ահաւասիկ, մերօրեայ իրականութիւն…խելացի «մեքենաներով» օժտուած՝ «յիմար» սերունդ…
(Եւ անշուշտ, այս բոլորը գրեցի իմ շատ խելացի հեռաձայնիս վրայ)