Ինչու՞ Մեր Երիտասարդները Հայերէն Չեն Խօսիր Իրարու Հետ
By: Ardziv Magazine | Posted on: 12.02.2014Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Արփի Ագըլեան
Անունս Արփի Ագըլեան է: Ես 11րդ դասարանի աշակերտուհի եմ Հ.Օ.Մ.-ի Ամենօրեայ Վարժարանէն ներս: Ուրախ եմ, որ Յունիս 2015 թուականին, մաս պիտի կազմեմ շրջանաւարտներու 10րդհունձքին: Ապագային՝ կը փափաքիմ զանազան լեզուներ սորվիլ, դեսպան դառնալ, եւ Հայաստան՝ ատամնաբուժական դպրոցներ եւ մարդկային իրաւունքներու զարգացման նուիրուած հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ հիմնել:
Ամէն օր, երբ ազատ պահերուս դպրոցի միջանցքներէն կը քալեմ կամ երբ «Աշակերտական Խորհուրդի» պատճառով՝ կ’աշխատակցիմ մեր աշակերտներուն հետ, կը նկատեմ, որ անգլերէնը կը լեցնէ ականջս, իսկ մեր մայրենի հայերէն լեզուն կը լսուի միայն ու միայն հայերէնի դասընթացքներուն: Նաեւ յայտնի է, որ նոր սերունդը շատ աւելի պարզ մակարդակի հայերէն կը խօսի, եւ այսպէս կը մնան անգիտակից հայերէն լեզուի ճոխութեան եւ հարստութեան: Հայերէն լեզուի, գրականութեան, եւ պատմութեան ուսուցիչները անդադար կ’աշխատին, մեր մէջ ներշնչելու սէրը հայ լեզուին, բայց դժբախտաբար, իրենց ջանքերը ընդհանրապէս կ’անտեսուին:
Այս հարցերը լուծելու համար, կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչու մեր երիտասարդները հայերէն չեն խօսիր իրարու հետ: Ինչու՞ հայ ազգի երկու զաւակ, գիտնալով, որ մէկը միւսին կրնայ հասկնալ հայերէն խօսելով, իրարու հետ անգլերէն կը խօսին: Առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ այս նիւթը կը քննարկուի, եւ զանազան գաղափարներ արտայայտուած են մեր գաղութէն ներս: Շատերէն լսած եմ, որ պատճառներէն մէկը այն է, որ խառն ամուսնութիւնները շատցած են մեր գաղութներէն ներս: Այո, շատցած են խառն ամուսնութիւնները, բայց այս չի նշանակեր, որ այս ընտանիքներու երեխաները հայերէն խօսելու դժուարութիւններու պիտի հանդիպին: Ընդհակառակը՝ այս ծնողները շատ լուրջ որոշումներ պէտք է առնեն: Անոնք են, որ պէտք է որոշեն, թէ հայկական ինքնութիւնը որքանո՞վ կը փափաքին պահպանել: Կարեւոր է նշել, որ զանազան պարագաներ ալ կան, ուր հայու հետ ամուսնացած օտար ծնողը հպարտ է իր զաւակները հայկական դպրոց ուղարկելով: Միեւնոյն ատեն, կան նաեւ բոլորովին հայ ընտանիքներ, որոնք կը քննադատեն հայ դպրոցները եւ կը մերժեն իրենց զաւակները այս վարժարաններէն ներս արձանագրել: Անոնք կը մտածեն, որ հայերէն լեզուի ուսուցումը անիմաստ է: Այս մտածելակերպն է, որ պէտք է անմիջապէս փոխենք: Պէտք է սփիւռքահայ դպրոցներ յաճախողներուն թիւը բարձրացնենք:
Երիտասարդներուն որոշումներն ալ կը բարդացնեն այս հարցը: Դժբախտաբար, երիտասարդներու միջեւ տարածուած է այն կարծիքն ու մտածելակերպը, որ հայերէն լեզուն խօսիլը կարեւոր չէ եւ իրենց ապագաներուն համար նպաստաւոր պիտի չըլլայ: Ոմանք կ’ըսեն, որ Գանատա կ’ապրինք, ուր միայն անգլերէնն ու ֆրանսերէնը պիտի գործածուին: Ուրիշներ կ’ըսեն, որ հայերը քիչ են, եւ այս պատճառով կը թերագնահատեն հայ լեզուի արժէքը: Կեանքիս մէջ տակաւին չեմ լսած ասկէ աւելի սխալ մտածելակերպ: Ինչպէս՞ կարելի է այս հայ երիտասարդներուն հասկցնել, որ ազգին մշակոյթի եւ լեզուի պահպանութիւնը կ’ապահովէ հայ ժողովուրդի ապագան ու զարգացումը: Ինչպէս որ ծառը չի կրնար առանց զօրաւոր ու ամրացուած արմատներու մեծնալ, ապագայ սերունդները չեն կրնար ամբողջական ու կայտառ կեանք ապրիլ առանց հայ լեզուի, հայոց մշակոյթի, եւ Հայ Դատի պահպանութեան: Թերեւս այս մտածելակերպը կրնանք կենդանացնել եթէ հայ երիտասարդութեան մէջ տարածուի ազգայնական հպարտութիւնը: Նաեւ շատ նպաստաւոր պիտի ըլլար յաւելեալ կապակցութիւնները մեր պապենական հողերու, հայրենիքի՝ Հայաստանի հետ: Զանազան միցոցներով պէտք է հասնինք մեր նպատակին: Պէտք է քաջալերենք, որ մեր նոր սերունդը հայոց գրականութեան նուիրուած հաւաքոյթներու մաս կազմեն, հայկական պարախումբերու մասնակցին, եւ հայ միութիւններուն հետ կամաւոր գործունէութիւններ տանին: Այսպէս, ո՛չ միայն կը սորվին հայ մշակոյթի եւ յաջողութիւններու մասին, այլ նաեւ կ’ընդլայնեն իրենց հայ բարեկամներու շրջանակը, որոնց հետ հայերէն խօսելու պատեհութիւնը պիտի ունենան:
Յաճախ կը մտածեմ Վարդան Մամիկոնեանի կամ հայ ֆէտայիներուն մասին, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին, որ մենք հայ մնանք ու կարենանք պահել մեր կրօնքն ու լեզուն: Իրենք ինչ՞ պիտի ըսէին, եթէ լսէին մեր երիտասարդներու մասին այս ցաւալի իրողութիւնը: Ուրեմն, մենք՝ հայրենասէր երիտասարդներ, երբեք չմոռնանք Մուշեղ Իշխանի թանկագին բառերը եւ հպարտանա՛նք մեր ինքնութեամբ:
«Քանի՜ դարեր եւ քանի՜ ճարտարապետ հանճարներ
Աշխատեցան անոր տալ վեհութիւն, գեղ ու պերճանք,
Քանի՜ գեղջուկ բանուորներ տքնեցան տիւ եւ գիշեր,
Որոնք թաղուած են հիմա մոռացութեան մութին տակ։
…
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար՝ կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան…»