Ինչ՞ու Մեր Երիտասարդները Եկեղեցի Չեն Քար

By: | Posted on: 30.07.2013

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Իմ անունս Տարօն Հալաճեան է: Ես 16 տարեկան եմ ու կը ծառայեմ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ: Մայիս 28, 2011-ին օծուեցայ կիսա-սարկաւագ Խաժակ Արք. Յակոբեանի ձեռնադրութեամբ: Ծառայութեան ընթացքին դանդաղօրէն, բայց անձնապէս սորվեցայ հայերէն կարդալ ու այժմ՝ գրել:

2010-ին աւարտած եմ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանը: Փոքր տարիքէս շատ կը սիրէի հայ մշակութային ու յեղափոխական երգեր: Մեծ հօրս օգնութեամբ սկսայ ծառայել եկեղեցիին ու անմիջապէս խանդավառուեցայ եկեղեցական կեանքով: Մեր եկեղեցւոյ շարականները շատ խորհրդաւոր են. կը սիրեմ երգել մեր եկեղեցւոյ մէջ: 12 տարեկանիս ընդունուեցայ St. Michael’s College School ու այժմ 11-րդ կարգի ուսանող եմ Bill Crothers Secondary School-ի մէջ, Մարքամ:

Իմ հինգ տարուայ ծառայութեան ընթացքին, նկատած եմ որ երիտասարդները քիչ անգամ կը տեսնուին մեր եկեղեցիէն ներս: Նոյնիսկ միջին տարիքի սերունդը շատ չի տեսնուիր: Ինչ՞ու մեր եկեղեցին յաճախողներուն մեծամասնութիւնը տարիքոտ անձեր են: Ես հետեւեալ եզրակացութեան յանգած եմ.

Առաջին, ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ եկեղեցի չեն ներկայանար: Իրենց զաւակները այն տպաւորութիւնը կ՛ունենան, որ եկեղեցին մասնաւոր կարեւորութիւն չունի իրենց ամենօրեայ կեանքերուն մէջ, որովհետեւ զբաղուած են զանազան ուրիշ բաներով: Եթէ ընտանիքով եկեղեցի երթանք, ոչ միայն ընտանեկան կապերը կը զօրացնենք Աստուծոյ շնորհքով, այլ նոյն իսկ կը մասնակցինք այն աւանդութեան, այն հաւատքին որուն համար մեր ազգը ու ժողովուրդը պայքարեցաւ եւ զոհուեցաւ՝ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալով:

Երկրորդ. 70 տարուայ համայնավար իշխանութեան ընթացքին, Քրիստոնեայ եւ այլ կրօնները արգիլուած էին ուրեմն հայ ժողովուրդը հեռացաւ իր հաւատքէն ու սկսաւ մոռնալ Քրիստոնէութեան աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները: Վերջին 20 տարուան՝ Հայաստանի անկախացման ընթացքին, հայ ժողովուրդը հետզհետէ սկսաւ վերադառնալ իր հաւատքին, սակայն դաստիարակուած չըլլալուն պատճառով իր գիտելիքները հաւատքին նկատմամբ բաւական տկար են: Այո, ասիկա մեծ դժբախտութիւն մըն է, մանաւանդ որ հայերը առաջին Քրիստոնեայ ժողովուրդը եղած են: Հիմա, Հայաստանի մէջ նոր սկսած են կրօն դասաւանդել դպրոցներուն մէջ՝ վերահաստատելու մեր ազգին հաւատքի շարունակութիւնը ու հիմնական կապը եկեղեցիին հետ:

Վերջապէս, այս ներկայ ժամանակին իրականութիւն է, որ բաւական խառն ամուսնութիւններ տեղի կունենան մեր գաղութին մէջ, ուրեմն աւելի կարեւոր է պահել մեր հայ մշակոյթը եւ աւանդութիւնները՝ սկսելով եկեղեցին:

Յաճախ մենք զբաղուած ենք դպրոցով, գործով, մարզական խաղերով, նուագի դասերով, ընկերներով եւ այլ բաներով, որոնք կը  դժուարեցնեն եկեղեցի գալը: Թերեւս շատեր պիտի ըսեն, որ մեր պատարագը երկար է եւ ծէսը դժուար է հասկնալ, բայց կարեւոր է մեր ներկայութիւնը, եւ կարելի է որ ծէսը դժուար է հասկնալ, բայց այս հարցերուն լուծումներ կան: Պատարագամատոյցներուն մէջ կը գտնուի աշխարհաբար ու Անգլերէն թարգմանութիւններ, որոնք դիւրացնեն ժողովուրդին հասկնալու արարողութիւնը:

Ամենակարեւորը այն է, որ մենք պէտք է խորհուրդով լեցուինք Աստուծոյ տան մէջ, իբր ջերմեռանդ,  հաւատարիմ ու ծառայող ժողովուրդ: Մեր նախապատուութիւնը, իբր մէկ ազգ, մէկ հաւատք, պէտք է ըլլայ յիշել ու ապրիլ մեր հաւատքով ու աւանդութիւններով, մանաւանդ որ մեր կեանքը շատ արագ եւ ծանրաբեռնուած կ՛ընթանայ: Այս պատճառով ալ կարեւոր է եկեղեցի գալ ընտանեօք, որպէսզի հայ ընտանիքը աճի Սուրբ Հոգիով ու Հայերէն լեզուով:

Back to Armenia

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.