Երկու մտքով եմ
By: Rupen Janbazian | Posted on: 22.02.2013Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Երկու մտքով եմ…արդեօք այս յօդուածը գրեմ հայերէնո՞վ, թէ անգլերէնով: Եթէ շարունակեմ միտքերս գրի առնել հայերէնով, արդեօք իմ տարեկիցներս պիտի կարդա՞ն, թէ պարզապէս զայն անտեսեն ու մէկ կողմ դնեն: Այս ներքին պայքարն ու անորոշ վիճակս արդէն իսկ փաստ են, թէ ինչ լուրջ ու դժբախտ հանգրուանի հասած է մեր ներկայ սփիւռքեան կացութիւնը մայրենի լեզուին նկատմամբ:
Յաճախ երբ բարեկամներով հաւաքուինք, կը նկատեմ, թէ օրուան նիւթը շուտով կը կեդրոնանայ մեր ժողովուրդի ապագային շուրջ: Իսկ բազմիցս այն խօսակցութիւնները (որոնք երբեմն նոյնիսկ վէճերու կը վերածուին) կը կեդրոնանան Սփիւռքի ապագային վրայ, միշտ կիզակէտ ունենալով մեր սիրելի Գանատահայ գաղութը: Ընդհանրապէս, մեր խօսակցութիւնները կը սկսին հայերէնով, այն համոզումով, որ ճիշդ բանն է որ կÿընենք, սակայն, երբեմն կայծակի արագութեամբ, խօսակցութիւնը թափ կ՛առնէ ու կը շարունակուի անգլերէնով: Վարժութեա՞ն հարց է սա, թէ ինքնաբերաբար պատահող դիպուած, կամ անատա ծնելու եւ մեծնալու հետեւանք: Մեր գործած «սխալը» անդրադառնալէ ու ընդունելէ ետքն է, որ կը սկսինք հարց տալ, թէ արդեօք կարելի՞ է ազգօրէն գոյատեւել այս ափերուն վրայ, թէ պարզապէս մենք մեզ կը խաբենք:
Շատեր կը պնդեն թէ ազգային ոգին լեզուէն աւելի կենսական է ազգի մը գոյապայքարին մէջ: Ճիշդ է, որ միայն հայերէն խօսելով չէ, որ կրնանք հայ զգալ կամ կրնանք կայուն պահել հայ ոգին, բայց հարկ է նաեւ գիտակցիլ, թէ որքան կարեւոր է մայրենի լեզուի պահպանումը իբր գոյատեւման երաշխիք: Այսօր, սրտի մեծ ցաւով կը տեսնենք, թէ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս, Հայ լեզուն, մանաւանդ արեւմտահայերէնը, լուրջ նահանջի մէջ է: Հայերէնը սկսած է ոչ միայն աղաւաղուիլ, այլ աւելին, փոխարինուիլ այլ լեզուներու բառապաշարով: Հայերէնը դադրած է գործածական լեզու ըլլալէ մեր գաղութներու երեխաներուն, երիտասարդներուն եւ նոյնիսկ չափահասներուն մօտ:
Եթէ իրականութիւն մը կայ, որուն բոլորս կրնանք համաձայնիլ, այն է, թէ Սփիւռքի շատ մը գաղութներու մէջ հայութիւնը հազիւ կաթիլ մըն է հսկայ ովկիանոսի մը մէջ: Յաճախ, քաղաքի կամ շրջանի ընդհանուր բնակչութեան նոյնիսկ կէս տոկոսը չենք գրաւեր: Ինքնաբերաբար, այս կը նշանակէ, թէ Սփիւռքի մէջ, հայ ժողովուրդը միշտ շրջապատուած է «օտարութեամբ». օտար լեզու, օտար ժողովուրդ, օտար մշակոյթ… ամէն ինչ օտար: Երբեմն կը մեղադրենք այն անհատները, որոնք հայերէն չեն օգտագործեր կամ կը նախընտրեն օտար բարքերը վայելել, սակայն չենք անդրադառնար, թէ այս բոլորը պարզապէս ապրելաձեւի հետ կապուած իրականութիւններ են, որոնք տարիներու ընթացքին պիտի զարգանան եւ հետզհետէ աւելի ցայտուն պիտի դառնան:
Արդեօք պարզապէս անկարելի՞ է ժողովուրդի մը լեզուն եւ արժէքները պահել օտար ափերու վրայ: Ճիշդ է, մինչեւ այսօր գոյատեւած ենք ու Գանատահայ գաղութը կը սեպուի աշխարհի լաւագոյններէն՝ հայախօսութեան եւ հայապահպանման գծով: Այս բոլորը կը պարտինք մեզ նախորդող սերունդներուն, մեր մայրերուն ու հայրերուն, մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն, որոնց անձնուէր նուիրումի հետեւանքով է, որ այս բարելաւ վիճակին հասած է մեր գաղութը:
Այո, Գանատահայ գաղութը լաւագոյններէն է, սակայն ի զուր չէ բաղդատել: Պէտք է գիտակցինք, թէ հայերու համար համեմատաբար երիտասարդ գաղթօճախ մըն է անատան, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք գաղութի վերակազմութեան յիսուն կամ վաթսունամեայ պատմութիւնը: Պատմութիւնը մեզի փաստած է թէ շատ մը սփիւռքահայ գաղութներէ ներս, տարիներու ընթացքին, լրջօրէն նուազած է հայախօսութիւնը: Օրինակ՝ Հարաւային Ամերիկայի կամ Արեւելեան ԱՄՆ-ի զանազան հայաբնակ քաղաքներու մէջ, հայ գաղութը չորրորդ կամ նոյնիսկ հինգերորդ սերունդ հասած է, ու ինքնաբերաբար, ներկայիս, գրեթէ բոլորովին ոչ-հայախօս է: Արդեօք նո՞յնն է մեր ճակատագիրը:
Ընկերներու հետ մեր խօսակցութիւնները այս ուղղութեամբ յաճախ կÿերկարին ու ոչ մէկ եզրակացութեան կը յանգին: Երբ այլեւս արծարծած ենք ներկայ կացութեան մասին բոլոր իրականութիւնները, կը սկսինք խօսիլ լուծումներու մասին: Արդեօք ձեւ մը կա՞յ այս իրավիճակէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու: Եթէ իսկապէս ամէն հարց ունի լուծման իր ելակէտը, ինչո՞ւ մինչեւ օրս չենք բարելաւած այս վիճակը եւ կը շարունակենք ըլլալ անկման մէջ:
Թերեւս մեր գլխաւոր հարցը այն է, թէ բացայայտօրէն չենք արտայայտուիր մեր հիմնական հարցերուն եւ դժուարութիւններուն մասին: Ինչո՞ւ չենք խօսիր խառն ամուսնութիւններու հետեւանքներուն մասին: Ինչո՞ւ չենք արժեւորեր մեր տարած միութենական աշխատանքները ու տարիներ շարունակ կը գործենք նոյն տեսլականով, առանց հաստատ ու բարեբեր արդիւնքներու ձեռքբերման: Ինչո՞ւ չենք խօսիր Սփիւռքի հայ վարժարաններու ու եկեղեցիներու դժուարութիւններուն մասին, հայ ուսուցիչներ եւ կղերականներ պատրաստելու մասին: Ինչո՞ւ կը հետաքրքրուինք աշխարհի չորս կողմ պատահող դէպքերով, երբ մեր իսկ տան մէջ կատարուող հարցերը չենք սկսած լուծել:
Վստահաբար, վճռական ու անմիջական լուծում մը չունին այս կենսական հարցերը, սակայն ինծի համար մէկ բան յստակ է: Հայութեան գոյութիւնը ապահովող գլխաւոր ազդակներէն ամենէն կարեւորը կը հանդիսանայ հայոց լեզուն, որուն միջոցով կը պաշտպանուի ու կը գոյատեւէ հայոց գրականութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը: Եւ եթէ Սփիւռքի մէջ կÿուզենք գոյատեւել, հարկ է անդրադառնալ եւ ընդունիլ, թէ մեր լեզուն պահպանելով պիտի ըլլայ այդ մէկը:
Այս բոլորը իրականացնելու համար հսկայական է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարութիւնը, որովհետեւ որեւէ ազգի գոյապայքարին եւ լեզուի զարգացման մէջ կենսական անհրաժեշտութիւններ են ազատ եւ անկախ հայրենիք ունենալը եւ պահպանելը: Պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցած է Ասորեստանի հզօր պետութիւնը, կամ Սումերիոյ ու Բաբելոնի հարուստ քաղաքակրթութիւնները: Անոնք բոլորն ալ կամ բոլորովին անհետացած են եւ կամ այնքան անշքացած են, որ իրենց գոյութիւնը հազիւ զգալի է: Վստահաբար, վերոնշեալ բոլոր ազգութիւններն ալ ազգային ոգի ունէին եւ սակայն անոնք անհետացան որովհետեւ զանազան պատճառներով չկարողացան կառչած մնալ իրենց լեզուին ու պահպանել իրենց հողերը:
Անցած են այն օրերը, երբ Հայաստանը համայնավար տիրապետութեան տակ էր եւ Սփիւռքը մեր ժողովուրդի միակ հայաշունչ «հայրենիքն» էր: Ներկայիս, մենք բախտաւորութիւնը ունինք ապրելու ժամանակի մը մէջ, երբ անկախ Հայաստանը իրականութիւն է, եւ պէտք է գիտակցինք, թէ յառաջիկայ հանգրուանին, տասնամեակներ ետք, միայն Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիներն ու Հայաստանի առօրեային հետ կապուած սփիւռքահայ գաղութներն են որոնք իրապէս հայօրէն պիտի գոյատեւեն: Առ այդ, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուական տարբերութիւնները պէտք չէ արգելք դառնան Սփիւռքի երիտասարդութեան եւ հայրենի մեր քոյր-եղբայրներու մերձեցման մէջ: Ես կը հաւատամ, թէ մեր լեզուական տարբերութիւնները կրնան լուրջ համադրումներու ենթարկուիլ լեզուագէտներու եւ մասնագէտներու միատեղ աշխատանքներով, որոնք նաեւ կրնան վերջնական լուծում մը գտնել ու դարմանել մեր ուղղագրական ներկայ բարդ կացութիւնր:
Անկարելի է գուշակել, թէ ճիշդ ի՞նչ պիտի ըլլայ Սփիւռքի ապագան, բայց պէտք է լրջօրէն գիտակցինք, թէ հսկայական հարցեր կան մեր դիմաց ու միայն անոնց մասին զրուցելով, եւ գործնական լուծումներու դիմելով է, որ պիտի կարենանք դիմագրաւել զանոնք:
Հիմա, կը մտածեմ, թէ ինչ լա՜ւ պիտի ըլլար եթէ այս գրութեան վերնագիրը սիրուն ու ներգրաւիչ անգլերէն տառերով ըլլար: Արդեօք որքան աւելի հայ երիտասարդներ պիտի կարդային զայն…