Երիտասարդական Ամիս՝ Աւստրալիոյ Մէջ

By: | Posted on: 09.11.2012

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Յուլիս 2012-ը հռչակուեցաւ որպէս ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Ամիս նշելու համար վերածնունդը որ տեղի կ’ունենայ այն համայնքին մէջ:

Աւստրալահայութեան մեծամասնութիւնը կ’ապրի Սիտնի քաղաքին շրջակայքը, Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգին մէջ, ուր կը գտնուին շուրջ քառասուն հազար հայեր:  Քշելով տասը ժամ հեռու, Վիքթորիա նահանգին մայրաքաղաքը, Մելպորնը, ունի տասնըհինգ հազար հայութիւն:

Սիտնիի հայերը տարածուած են քաղաքին զանազան թաղամասերը, մասնաւորաբար հիւսիսային եւ արեւմտեան կողմերը:  Ընդհանրապէս, զանազան միութիւնները ունին մասնաճիւղեր այս տարբեր թաղամասերուն մէջ:  Համազգայինի Գօլստըն Վարժարանը ունի հսկայական եւ գեղեցիկ տարածք ուր երկու հարիւրէ աւելի աշակերտներ կը յաճախեն մանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ դասարանները:  Աւելի փոքր ՀԲԸՄ Ալեքսանտր Վարժարանը նաեւ ունի մանկապարտէզէն մինչեւ վեցերորդ դասարան:  Երկու ամենօրեայ վարժարանները կը գտնուին քաղաքէն դուրս եւ ունին երթեւեկութեան ծառայութիւն դէպի հայաշատ թաղամասերը:

Քաղաքական կողմէն Նոր Հարաւային Ուէյլզի նահանգային խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է եւ խաչքար զետեղած խորհրդարանին տանիքը որպէս յարգանք՝ զոհերուն:  Սակայն Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը տակաւին նոյնպէս պաշտօնապէս չէ ճանչցած Թրքական ճնշման պատճառաւ:  Ապրիլ 25, 1915-ին, Աւստրալիացի եւ Նոր Զելանտացի զինուորները իջան Գալիպոլի թերակղզին, գրաւելու համար Պոլիսը (որուն մէջ չյաջողեցան):  Այսօր, վայրը կ’այցելեն բազմաթիւ Աւստրալիացիներ եւ Նոր Զելանտացիներ:  Ինծի ըսուեցաւ որ Թրքական կառավարութիւնը կը սպառնայ վայրին մուտքը փակել եթէ Աւստրալիայի դաշնակցային խորհրդարանը ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ անցընէ:

Այժմ կու գանք ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան՝ ՀՅԴԱԵՄ:  Հիմնուած 1978-ին, ՀՅԴԱԵՄ-ը իր գագաթնակէտին ունէր երեք մասնաճիւղեր՝ Սիտնի «Սարդարապատ», Արեւմտեան Սիտնի «Արամ Մանուկեան» եւ Մելպորն «Ռոստոմ»:  Անգործունեայ շրջանէ մը ետք, այսօր գոյութիւն ունի միայն մէկ մասնաճիւղ՝ Սիտնի «Նիկոլ Դուման»:  Ներկայ վարչութիւնը նոր աշխոյժ խումբ մը ունենալով, Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէն Յուլիս 2012-ը հռչակեց որպէս ՀՅԴԱԵՄ ամիս այս եռանդը շարունակելու համար:

Տեսնելով որ միտքերու փոխանակումը կարեւոր սկզբունք մըն է կազմակերպական հզօրացման, հրաւիրուեցայ Սիտնի, ՀՅԴԱԵՄ ամիսը անցընելու մեր ընկեր-ընկերուհիներուն հետ:

Վարչութիւնը որոշեց որդեգրել յանձնախմբային դրութիւնը եւ հիմնեց հինգ նոր կազմեր՝ Դաստիարակչական, Քարոզչական, Քաղաքական, Անդամական եւ Ընկերային:  Ձմեռնային սեմինարի ընթացքին (յիշենք որ Յուլիս ամիսը ձմեռ է Աւստրալիոյ մէջ), Քաթումպա բանակավայրի մէջ, ներկայ անդամները միացան իրենց ուզած յանձնախումբերուն եւ որոշեցին իրենց դիւանը:  Գործադրութեան տնօրինութեան ներկայացումի ընթացքին, յանձնախումբերը որոշեցին իրենց առաջնահերթութիւնները գալիք ամիսներուն համար եւ արդէն իսկ սկսան զանոնք ծրագրել եւ կարգի դնել:

ՀՅԴԱԵՄ Ամսուայ առիթով, նաեւ տեղի ունեցաւ յատուկ քարոզչական եւ անդամարշաւի ծրագիր:  Կազմը մասնակցեցաւ հարցազրոյցներու երկու հայկական ռատիոժամերու վրայ եւ այցելութիւն ունեցաւ դէպի Համազգայինի Գօլստըն Վարժարանը:  Լիզպոն Հինգի նուիրուած պարահանդէսի աւարտին, միութեան անդամներու թիւը կրկնապատկուած էր, տասնութը անդամներէ երեսուն վեց:

Աշխարհի բոլոր կողմերը, հայ երիտասարդութիւնը ունի իր մարտահրաւէրները, մաս մը նոյնը, մաս մը տարբեր:  Բայց ամենակարեւորն է իրարմէ սորվիլ, իրարմէ զարգանալ եւ իրար միջեւ պահել դաշնակցական եղբայրութիւնը:

Back to Culture

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.