Երեք Անմոռանալի Շաբաթներ…
By: Ardziv Magazine | Posted on: 23.04.2013Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602
By: Tamar Patakfalvi
Երկիւղը պատած ամբողջ մարմինս, անվստահութեան շղթաներ կապուած ոտքերուս, արցունքները այտերէս վար կը գլորէին…ահաւասիկ իմ նկարագիրս Յուլիս 11-ի երեկոյեան: Աչքերս յառած ժամացոյցին, սիրտս արագ կը տրոփէր որովհետեւ գիտէի թէ քանի մը ռոպէէն մինակս պիտի նստէի օդանաւին մէջ և ուղղուէի դէպի նոր փորձառութիւններ: Առանց մօրս բնաւ չէի ճամբորդած և այդ անվստահութիւնը ինծի կը սարսափեցնէր: Շատ յուզիչ և խառն զգացումներով լեցուն պահ մըն էր ցտեսութիւն ըսել ընտանիքիս: Մտքիս մէջ հազար ու մէկ հարցումներ կ’երթային, կու գային…սակայն այդ հարցերը անպատասխան կը մնային, վախս եւ կասկածս աստիճանաբար բարձրացնելով: «Քանի որ ընտանիքս ներկայ պիտի չըլլայ ինծի պաշտպան ըլլալու, որո՞ւ պիտի կարենամ վստահիլ: Այս ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին մինակ ու անպաշտպան պիտի զգա՞մ:»
Աւելի քան տասնվեց ժամ ճամբորդելէ ետք, ճակատագրուած վայրս հասայ…մայր երկիր, Հայաստան: Կարելի չէ նկարագրել այն խառն զգացումի հեղեղը որ կը բխի մէջդ երբ Արարատ լեռը դիմաւորէ քեզ: Նոյնիսկ եթէ երկրորդ անգամն էր որ կ’այցելէի հայրենի հողը, Արարատը նոյն շշմիչ ազդեցութիւնը ունեցաւ վրաս : Օդակայանէն դէպի պանդոկ ճամբու ընթացքին, անընդհատ մտիկ կ’ընէի «Մենք ենք մեր սարերը» երաժշտութիւնը, չհաւատալով որ վերստին երեք շաբթուան համար պիտի ապրէի և շնչէի հայ օճախը: Հայաստան ճամբորդելս սովորական այցելութեան մը համար չէր այլ իբրեւ Համազգայինի Ֆորումի անդամ: Համազգայինի Ֆորումի հազուագիւտ ազդակը այն է, որ կը համախմբէ աշխարհի չորս կողմի սփիւռքահայ ուսանողները: Ֆորումի նպատակը ոչ միայն Հայաստանի սովորական վայրերը այցելելն է, այլ հայ նոր սերունդը զարգացնել հայ մշակոյթով:
Ամչկոտ և ինքնամփոփ անձ մը ըլլալով, ինծի համար շատ վախնալիք փորձառութիւն մը կը թուէր քառասուն նոր անձերու ծանօթանալը: Ֆորումի առաջին օրը իսկապէս դժուար էր քանի որ չէի գիտեր ինչ միջոցի դիմել ընկերութեան նոր կապեր հաստատելու համար: Սակայն առաջին երեկոեյան երբ խումբով ճաշարան գացինք, արդէն ընդունուած և ոչ մէկ ձեւով դրսեցի կը զգայի: Ո՛չ պաղը, ո՛չ անձրեւը խոչընդոտ մը պիտի ըլլային մեր առաջին խմբային հաւաքոյթը աւրելու…ոչ միայն անձրեւին տակ շուրջպար կազմեցինք, այլ տղոց հաստ ձայնը յեղափոխական երգերով կ’արձագանգէր մինչեւ առաւօտեան ուշ ժամերը:
Երկրորդ օրը, չեմ կարծեր մէկը գիտէր կամ կ’ակնկալէր ինչ որ պիտի պատահէր Վարդավառի տօնական օրը ըլլալով: Մեզի ըսուած էր, թէ կրնայ ըլլալ որ քիչ մը թրջուինք… սակայն «քիչ մը» ըսելով ճշմարտութիւնը միայն մասամբ յայտնել էր: Հայաստանի տեղացիներուն թիրախը եղած էինք, ամէն կողմ որ ուղղուէինք շրջապատուած էինք եւ վերէն վար թաց եղանք: Բաւական անորոշ եւ նոյն ատեն խնդալիք երեւոյթ մըն էր տեսնել տեղացիները ջուրի մեծ դոյլերով վազվզել բոլորիս ետեւէն:
Ուրիշ անմոռանալի օր մըն էր երբ որ Արագած լեռ պիտի ուղղուէինք… այդ օրուան ընթացքին բազմաթիւ հետաքրքրական մանրադէպեր տեղի ունեցան: Արագածի ճամբան նեղ ու խորտուբորտ ըլլալով, մեր սովորական փոխադրակառքը չէինք կրնար օգտագործել, ուրեմն մեր խումբը երկու փոքր ինքնաշարժերու մէջ բաժնուեցաւ: Նախքան ճամբայ ելլելը, մեր ինքնաշարժին անցքը գոցուած էր առժամաբար կանգ առած թաքսիի մը կողմէ: Մեր ինքնաշարժի վարորդը Հայաստանի տաք արիւնը ունենալով երակներուն մէջ, շուտով համբերութիւնը կորսնցուց: Վարորդին միտքէն անգամ չանցաւ հինգ վայրկեան սպասել որ թաքսի քշողը վերադառնայ, այլ իր միակ միջոցը թաքսին տեղէն շարժելը եղաւ: Ուրեմն՝ մեր Ֆորումականներէն վեց տղաք գացին եւ ինքնաշարժը վեր վերցնելով մէկ կողմ տեղաւորեցին, անցքը բանալով: Ես յանկարծակիի եկայ քանի որ չեմ կրնար ըսել որ նման երեւոյթի մը ականատես ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցած էի Մոնթրէալ: Երեք ժամ ետք վերջապէս Արագած հասանք եւ սկսանք ուղղուիլ դէպի բլուր մը: Վերելքը ֆիզիքապէս դժուար էր և շնչառութիւնս կը սպառէր, սակայն բլուրի գագաթի տեսարանը հիանալի էր: Հպարտութեան զգացում մը պատեց մարմինս մանաւանդ իրբ եռագոյնը պարզեցինք եւ սկսաւ ծփալ հովին մէջ:
Քանի մը օր ետք, այցելեցինք Ծաղկաձորի որբանոցը եւ տակաւին բառերը չեմ գտած նկարագրելու համար զգացումներս: ՁՕՕ երեխաներ մեզ դիմաւորեցին մեծ ժպիտներով և երգելով մէկ ձայնի վրայ՝ «բարի գալուստ»: Առաջին վայրկեանէն որ ոտք դրինք որբանոցի սեմին, ջերմութեան ու հրճուանքի մթնոլորտ մը պատեց մեզ: Փոքրերը ոչ միայն ուրախ էին մեզ տեսնելով, այլ կ’ուզէին մեզի ծանօթանալ ու մեզի հետ մտերմանալ: Գրեթէ ամբողջ օր մը տրամադրուած էր որբանոցը այցելելու…ճաշեցինք, խաղացինք և պարեցինք երեխաներուն հետ: Զարմանալին այն էր որ նոյնիսկ եթէ դժուար մարտահրաւէրներ ստիպուած էին դիմագրաւել փոքր տարիքէն, անոնք երախտապարտ էին ամէն օրուան պարզ պէտքերը գտնելուն և բնաւ չէին գանգատեր: Ճիշդ է որ միայն 1Յ տարեկան երեխաներու հանդիպեցանք, սակայն անոնք չափահաս մարդու անկեղծութիւնն ու իմաստութիւնը ունէին: Մինչեւ հիմա, աչքերս արցունքներով կը լեցուին երբ վերյիշեմ այս դէպքերը:
Ուրիշ բազմաթիւ անմոռանալի պատահարներ կրնամ նշել ցանկը անվերջանալի է: Սակայն, բնաւ պիտի չկարենամ մոռնալ մեր փոխադրակառքի ճամբորդութիւնները երբ միշտ առիթ մը գտնէինք պարելու և երգելու, ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Նաեւ յիշողութենէս պիտի չկարենամ հանել ինչպէս ամէն առաւօտ եռանդով կը վազէինք մեր դրացիին «Grand Candy»ին, պոնչիկ գնելու իբրեւ մեր նախաճաշը կամ բազմաթիւ անքուն գիշերները որ ընկերներով կ’անցընինք խնդալով և խօսելով: Այս ճամբորդութիւնը այդքան լաւ տպաւորութիւն ձգած է վրաս որովհետեւ նոր ընկերներու ծանօթացայ և մնայուն ու անխախտելի ընկերութիւններ շինեցի: Շատ հաճելի պահեր կ’անցընէինք երբ ընկերներով երեկոյեան ճաշարան կ’երթայինք և ժամերով կը ծանօթանայինք իրարու, բաղդատելով մեր առօրեայ կեանքն ու մեր հայկական գաղութի գործունէութիւնները: Բնաւ պիտի չմոռնամ այդ պահերը և առ յաւէտ փորագրուած պիտի մնան սրտիս մէջ:
Ուրեմն, վստահ եմ որ գտայ իմ հարցումներուս պատասխանները – «Ո՞վ ինծի պաշտպան պիտի կանգնի այս ճամբորդութեան ընթացքին: Որո՞ւն պիտի դառնամ եթէ հարցեր ունենամ»: Առաջին օրերէն իսկ ծանօթացայ և մօտեցայ զանազան անձերու որ այժմ իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւեն սիրտիս մէջ: Բնաւ մինակ չզգացի և ընկերներս ինծի նեցուկ կանգնեցան և միշտ պիտի կանգնին: Բնաւ չէի սպասեր երեք շաբթուան ընթացքին այդքան մտերմանալ անձերու հետ, որոնք տարբեր երկիրներէ և միջավայրերէ կու գային: Անշուշտ մէկ բանալի ազդակ մը կար որ մեզի ուղղակի միացուց մագնիսի նման… մեր հայ ինքնութիւնը եւ մեր սէրը երկիրի մը հանդէպ որ ֆիզիքապէս հեռու կը գտնուի մեզմէ բայց որ մօտիկ է մեր սրտին:
Կ’ուզէի խորապէս շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինին, ոչ միայն ինծի պարգեւած ըլլալու համար այս անմոռանալի ճամբորդութիւնը,այլեւ մէջս վերստին վառելու հայրենասիրութեան կրակը: Նաեւ կ’ուզէի սրտակից շնորհակալութիւն յայտնել մտերիմ ընկերներուս, իմ Համազգայինի պզտիկ ընտանիքիս, որ հայրենիքիս այցելութիւնը անմոռանալի դարձուցին: Մէկու մը ծանօթանալը իսկապէս հեզասահ և միմիայն հաճելի փորձառութիւն մըն է: Անձ մը ճանչնալը խորունկ և իմաստալի է, քանի որ յարաբերութիւն մը կազմելը խորտուբորտ և դժուար ճամբայ մըն է: Սակայն անոր աշխատանքին պտուղը ամենահամեղն է… Ֆորումի ընկերներուս ցտեսութիւն ըսելը շատ յուզիչ էր և այսպիսի տակնուվրայ վիճակի մէջ բնաւ չէի գտնուած: Նոյնիսկ եթէ աշխարհի մոլորակի չորս անկիւններն ենք, սիրելի Ֆորումականներ, այս մնաս բարով չէ այլ խոստում մը որ ապագային կրկին պիտի ժամադրուինք Հայաստան :