Բաց Նամակ Հայ Պատանեկութեան եւ Երիտասարդութեան

By: | Posted on: 08.05.2012

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Սիրելի Հայ Պատանի եւ Երիտասարդ,

Ապրիլ 24, 1915-ը եղաւ Հայոց պատմութեան խաւարագոյն թուականը։ Թուական մը, անմարդկային դժբախտութիւններու, թուական մը անգրելի ողբերգութեան, որ մնաց անպատիժ եւ ժամանակ առ ժամանակ նոր դժբախտութիւններու մատնեց մարդ արարածը։

Հայ ազգը իր երկար պատմութեան ընթացքին յաճախ ենթարկուած է հալածանքներու եւ վայրագութեան: Սակայն 20-րդ դարու սկիզբը Հայ ժողովուրդին համար եղաւ անկիւնադարձային:

Ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահանուեցաւ իր բնակած հողէն ու մեծով եւ փոքրով յանձնուեցաւ անապատի փոթորիկներուն։ Օսմանական Կայսրութիւնը վերջնականօրէն ուզեց ջնջել առաջին քրիստոնեայ ազգը՝ Հայ ցեղը եւ վերջ տալ Հայկական հարցին։

Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մասին պիտի չանդրադառնանք, քանզի վստահ ենք որ շատ լաւ գիտէք մեր նախահայրերու չարչարանքի եւ տարապանքի գողգոթային մասին: Այս տեղ կ՛ուզենք կեդրոնանալ ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ մինչեւ այսօր շարունակուող ճերմակ ջարդին մասին, որոնք եղան նոյնքան ցեղասպան որքան 1915-ի բնաջնջումը, որ ծրագրուեցաւ ու գործադրուեցաւ Օսմանական կառավարութեան կողմէ:

Ցեղասպանութեան հետեւանքով, Հայ ժողովուրդը սփռուեցաւ աշխարհի չորս կողմը եւ դարձաւ սփիւռք: Այսօր, Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ամէն ժամանակներէ աւելի կը գտնուինք ձուլման սպառնալիքին դիմաց: Հայ ազգի եւ մանաւանդ Հայ երիտասարդութեան եւ պատանեկութեան հայրենասիրական զարթօնք է պէտք: Անտարբեր մի ըլլաք:  Հայ երիտասարդին եւ պատանիին պարտականութիւնը պէտք է  ըլլայ հետեւեալները՝

Նախ եւ առաջ, պէտք է պայքարիլ ձուլման դէմ, իրար հետ խօսելով միայն  Հայերէն: Այս թող ըլլայ ձեր բոլորին ականջին օղը, եւ ձեր միտքերուն մէջ դրօշմուած կարքախօսը՝ «Հայը Հայուն հետ կը խօսի Հայէրէն…Միայն Հայերէն»: Լեզուն ժողովուրդի մը կարեւորագոյն արժէքն է եւ Հայերէն խօսիլը՝ մեր ազգին գոյատեւման լաւագոյն միջոցը:

Երկրորդ՝ կառչած պէտք է մնալ մեր ազգի ու ժողովուրդի սկզբունքներուն ու Քրիստոնէական հաւատքին: Մեր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները կորսնցնելով, նաեւ կը կորսնցնենք մեր ինքնութիւնն ու Հայկական կենցաղը: Սիրեցէք ու քաջալերեցէք Հայ մշակոյթը՝ արուեստը, գրականութիւնը, երաժշտութիւնն ու պարը:

Երրորդ՝ պէտք է սորվիլ մեր ժողովուրդի փառահեղ պատմութիւնը, որ կարենաք ուրացող ուժերու դէմ պայքարիլ եւ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը պաշտպանել: Քաջատեղեակ պէտք է ըլլաք ոչ միայն մեր պատմութեան, այլ նաեւ անկախ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի բոլոր անցուդարցներուն, որպէսզի ըլլաք արդար ջահակիրները մեր ժողովուրդին ոտնակոխուած իրաւունքներուն:

Մեր վերջին պատգամը պիտի ըլլայ ձեզի որ ձեր մտքերուն եւ սիրտերուն մէջ միշտ վառ պահէք պահանջատիրական Հայ ոգին: Դուք էք ապագայ Հայ Դատի պաշտպան զինուորները, որ պիտի առաջնորդէք մեր ժողովուրդի նոր սերունդը դէպի Հայոց արդար եւ անժամանցելի իրաւունքներուն:

Այնքան ժամանակ որ ցեղասպանը կը մնայ անպատիժ, այնքան ատեն որ ցեղասպանը չի ճանչնար իր գործած ոճիրը, եւ այնքան ժամանակ որ տակաւին կարգ մը երկիրներ իրենց լռութեամբ կանարգէն մեր ազգին թափած արիւնը, դուք պէտք է շարունակէք մնալ պահանջատէր։

Դուք էք մեր ժողովուրդի ապագան եւ այն սերունդը որ պէտք է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազը արթուն պահէ, հասնելու համար մեր ամբողջական յաղթանակին:

Սիրով՝

 

Ռուբէն Ճանպազեան եւ Տարօն Քեսքինեան

«Ս. Զաւարեան» Մասնաճիւղ

 

Back to Spring 2012

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.