Արտագաղթ, Տնտեսութիւն եւ Ռազմավարութիւն

By: | Posted on: 08.05.2012

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

Warning: Undefined array key "ssba_bar_buttons" in /home/u108981792/domains/ardziv.org/public_html/wp-content/plugins/simple-share-buttons-adder/php/class-buttons.php on line 602

21 տարիներ անցած են իւրաքանչիւր հայու երազի իրականացման՝ 1991-ի անմոռանալի Սեպտեմբեր 21 թուականէն: 21 դժուար տարիներ անցած են, բազմաթիւ վերիվայրումներով, ու անուրանալի դրական երեւոյթներով յատկանշուող: Դժբախտաբար, սակայն, տակաւին Հայաստանի արձանագրած բարեփոխութիւնները չեն հասած այն աստիճանին որ ժողովուրդին, եւ մասնաւորաբար երիտասարդութեան, հաւատք տան Հայաստանի պայծառ ապագայի երազի իրականացման նկատմամբ:

Արտագաղթի տխուր իրողութիւնն է որ զիս մղեց այս նիւթին մասին մտածելու: Շատեր անմիջապէս կը մեղադրեն արտագաղթողները, պատճառաբանելով որ անոնք օտար երկիրներու տնտեսական առիթները չափազանցուած եւ վարդագոյն ակնոցներով կը դիտեն: Չեմ բաժներ այս տեսակէտը, որովհետեւ, հակառակ անոր որ միշտ կան անձեր որոնք կը հաւատան որ ամեն տեղ աւելի լաւ կեանքի առիթներ կան բացի Հայաստանէն, արտագաղթի վտանգաւոր երեւոյթը կը քօղարկէ աւելի ծանրակշիռ ներքին առկայ հարցերը: Հայաստանի բարեփոխութիւնները ընդհանրապէս մակերեսային են, եւ կամ կը միտին բարելաւման կեղծ պատկեր մը ներկայացնել: Կաշառակերութեան, փտախտի եւ անարդարութեան գոյութիւնը անտանելի դարձած է: Հայաստանի ապագան, ինչպէս որեւէ ուրիշ երկրի պարագային, կախեալ է կառավարութեան վարած ռազմավարութենէն եւ հեռատես քաղաքականութենէն, ու ժողովուրդի վստահութենէն իր կառավարութեան վրայ: Կը հաւատամ, որ արտագաղթը առաւելաբար արդիւնքն է ժողովուրդին իր պետութեան հանդէպ յուսահատութեան եւ անվստահութեան երեւոյթին քան թէ օտար երկիրներու մէջ փայլուն ապագայ տեսնելու մտածելակերպին:

Առանց հաստատ ծրագիրի մը գոյութեան, երկրի մը տնտեսութիւնը չի կրնար աճիլ ու դառնալ մրցունակ միջազգային գետնի վրայ: Դժբախտաբար, ներկայիս Հայաստանի իշխանութիւնը իր ժողովուրդին համար առիթներ ստեղծելու փոխարէն՝ երկրի կարեւոր հիմնարկութիւնները (երկաթուղիի գիծեր, ելեկտրակայան, հեռախօսի ընկերութիւններ, «Արարատ» քոնեաքի արտադրամաս, եւայլն ) օտարներու վաճառելով, կը կասեցնէ երկրին աճի կարողականութիւնը, այսպէս կոչուած օտար շահարկումներ (foreign investments) ապահովելու դիմակին տակ:

Կարծիքս չեմ յայտներ ենթադրելով որ դիւրին կամ ակներեւ լուծումներ գոյութիւն ունին։ Հայաստան, շատ մը այլ յետ-համայնավար երկիներու նման, ունի բազմաթիւ լուրջ ու հրատապ մարտահրաւէրներ։ Տեսակէտս կը վերաբերի Հայաստանի վարած երկարաժամ տնտեսական ռազմավարութեան բացակայութեան, այդ գետնի վրայ առնուած քայլերու պակասին, եւ նորարութիւն (innovation) քաջալերող քաղաքականութեան մը կարիքին։ Այս մօտեցումը պատահաբար չեմ առաջարկեր, այլ կը հիմնուիմ Հայաստանի յատուկ իրավիճակը նկատի առնելով եւ ուրիշ նման երկիրներու օրինակնեէն օգտուելով։ Հրէաստան, Հայաստանի նման, փոքր երկիր մըն է 7.1 միլիոն բնակչութեամբ, առանց բնական հարստութեան (natural resource) ու շրջապատուած թշնամիներով, բայց կրցած է տնտեսական բազմաթիւ յաջողութիւններ արձանագրել։ Այս յաջողութիւնները ընդհանրապէս կը պարտին Հրէաստանի առաջնորդութեան նորարութեան տեսակէտով, ու լաւ օրինակ մըն է Հայաստանի պարագային եթէ նոյնպիսի քայլեր առնէ։

Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը չի նպաստեր անոր ճարտարարուեստի եւ արդիւնաբերութեան զարգացման ։ Շինանիւթի  եւ հում նիւթերու անվստահելի ու սուղ ճանապարհածախսերը դժուար կացութեան կը մատնեն հայ ճարտարարուեստի ընկերութիւններուն մրցունակութիւնը։ Նաեւ, Հայաստանի ներքին շուկային փոքր չափը  կը սահմանափակէ ճարտարարուեստի ընկերութիւններու յաջողութիւնը։ Արտադրուելիք ապրանքները արտահանելու յաւելեալ ծախսերը ներկայիս կ’արգիլեն միջազգային շուկայ թափանցելու կարելիութիւնները, ինչ որ անհրաժեշտ է կայուն տնտեսական զարգացման համար։ Հայաստանի փոքր ներքին շուկան նոյնպէս ծառայութիւններու ճարտարութեան (services industry) ընկերութիւններու համար խոչընդոտ մըն է, եւ եւս սահմանափակուած է Հայաստանի աշխարհագրական իրավիճակով, շրջապատուած ընդհանրապէս թշնամի եւ ոչ-բարեկամ երկիրներով։

Հայաստանի տնտեսութիւնը մեծ մասամբ հիմնուած է ապրանքներու ներածութեան վրայ, բան մը  որ մտահոգիչ է տնտեսապէս, բայց նաեւ ազգայնապէս, որովհետեւ կը սպառէ երկրի օտար դրամանիշի պահեստը։ Հայաստան, առանց արտածումի, կը մնայ անջատուած միջազգային տնտեսութենէն, ու հայ ժողովուրդը լճացած կղզիի մը վրայ կը շարունակէ մնալ, եւ այսպէս՝ անուղղակիօրէն կը քաջալերուի արտագաղթը։

Աշխարհի ամենէն արդիականացած երկիրներու տնտեսութիւնները ունին կարեւոր հասարակ յայտարար մը՝ նորարութեան ու թէքնոլոճիի արհեստավարժութեան քաջալերանքին: Պատահմամբ չէ որ այն երկիրները որոնք նորարութեան առաջնորդներն են, ունին ամենէն մրցունակ ընկերութիւնները: Նկատի առնելով Հայաստանի ճարտարարուեստի զարգացման վերաբերեալ վերոյիշեալ խոչընդոտները եւ Հայաստանի արդիական տնտեսութեան համար նորարութեան եւ թեքնոլոճիի ուղղութեան հրամայականը, Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ռազմավարական ձեւով իրագործէ քաղաքականութիւն մը որ կը քաջալերէ այսպիսի գործընթաց։ Նորարութիւնը եւ թեքնոլոճին չեն ազդուիր աշխարհագրութենէն կամ ճամբորդական ծախսերէն, ու Հայաստանի շուկան կը բանան միջազգային շուկային։ Նաեւ, նորարութեան վրայ կեդրոնացած տնտեսութիւն մը առիթը կը ստեղծէ մասնագիտացած արդիւնաբերութեան (specialty manufacturing) կիրարկման։ Կարեւոր է շեշտել որ նորարութեան գաղափարը պէտք չէ սահմանափակել միայն ճարտարարուեստի եւ արդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ, այլ աւելի լայն հասկացողութեամբ մը զայն տարածել եւ քաջալերել այլ ճիւղերու մէջ, օրինակ բժշկութիւն, դեղագործութիւն, զբօսաշրջիկութիւն, եւ այլն: Կարեւոր չէ որոշել նորարութեան ճիւղերը եւ թէ որն է ամենէն նպաստաւորը կամ շահաբերը որովհետեւ բաց շուկան բնականօրէն կը լուծէ այդ հարցը: Կարեւորը այն է թէ պէտք է ստեղծել մշակոյթ մը որ կը քաջալերէ նորարութիւնը ընդհանրապէս:

Պետութիւններ ընդհանրապէս երեք միջոցներով կրնան նորարող մտածողութիւնը ներմուծել ժողովուրդի մշակոյթէն ներս։ Առաջին՝ քաջալերել ընկերութիւնները որ կիրարկեն նորարութիւնը իրենց առօրեայ աշխատելաձեւին մէջ: Այս մէկը կ’իրականանայ պետական նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով այդ ընկերութիւններուն, կամ նիւթական նպաստներ եւ այլ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով մասնաւոր ծրագիրներու համար։ Երկրորդ՝ քաջալերել այն կազմակերպութիւնները որոնք նորարութիւն ճառագայթելու ազդեցութիւնը ունին։ Օրինակի համար, համալսարաններէ ներս քաջալերել ճարտարագիտութեան (Engineering) եւ գիտական (Applied Science) ճիւղերը։ Պետութիւններ, ինչպէս Հրեաստան եւ Գանատա, մէկ քայլ առաջ կ’երթան, քաջալերելով որ ուսանողներ իրենց հետազօտութիւններու արդիւնքները համալսարանէն ներս իրականացնեն նոր ընկերութիւններ ստեղծելով։ Երրորդ միջոցը, որ ընդհանրապէս ամենէն արդիական թեքնոլոճիներու կը վերաբերի, կառավարական նիւթական վարձատրութիւնն է այն ընկերութիւններուն որոնք կանուխէն կ’որդեգրեն նոր թեքնոլոճիներ իրենց ճիւղերէն ներս:

Այս երեք միջոցները միատեղ անհրաժեշտ են նորարութիւն քաջալերելու համար, սակայն անոնց համեմատութիւնը կախեալ է իւրաքանչիւր երկրի պայմաններէն: Անշուշտ երկիրներ ուր փտախտ կայ, կառավարական նիւթական օժանդակութիւնը աւելի դժուար է յաջողութեամբ իրականացնել: Այս ռազմավարութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ խիստ փտախտի դէմ պայքարի շարժում մը դէպի թափանցիկութիւն, սկսելով կառավարական մարմիններէն: Հայաստան,  նորարութեան տեսակէտէն, ունի կարեւոր առաւելութիւն մը, բաղդատած ուրիշ շատ մը երկիրներու, որ կարեւոր է օգտագործել, եւ այն սփիւռքն է: Ճիշդ քաղաքականութեամբ մը ոչ միայն առիթը կը ստեղծէ ներքին զարգացման, այլ նաեւ կը քաջալերէ սփիւռքէն նիւթական ներդրում: Venture Capital -ի քաջալերանքը իրապաշտ միջոց մըն է սփիւռքէն նիւթական ներդրումներով Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:

Վերջապէս, այսպիսի տնտեսութեան մը քաջալերանքը կը ստեղծէ պայմաններ զանազան նոյնանման ընկերութիւններու խմբակներու(Local Cluster) որ անհրաժեշտ են նորարութեան տնտեսութեան յաջողութեան համար: Local Cluster-ներ ստեղծելը կարեւոր  է որովհետեւ այս տեսակի խմբակցութիւններուն միջեւ գործակցութեան առիթը կը ստեղծէ, որուն միջոցաւ նոր գաղափարներու կարելիութիւնները կը բազմապատկուին:

Երբ երկիր մը ունի ճիշդ ուղղութիւն եւ ռազմավարականօրէն քայլեր կ’առնէ այդ ուղղութեամբ, իր ժողովուրդին կու տայ պէտք եղած հաւատքը նոյնպէս ձգտելու լաւագոյնին: Քաջալերելով բարձր ուսումը եւ ստեղծելով նորարութեան վրայ կեդրոնացած (innovation centric) տնտեսութիւն մը՝ ծրագրուած առաջնահերթութիւններով, Հայաստան կրնայ ստեղծել զօրաւոր տնտեսութիւն մը: Կան խոչընդոտներ այս գաղափարներուն իրականացման, որոնց մեծագոյններն են փտախտի եւ կաշառակերութեան գոյութիւնը եւ պետութեան նիւթական կարելիութիւնները: Յստակ է թէ այս հարցերը կը կարօտին մանրամասն ուսումնասիրութեան, սակայն կարեւորը այն է որ Հայաստան պէտք ունի լուրջ եւ մտածուած ուղղութեան, որոշումներու եւ իրատես քայլերու, երբեմն նոյնիսկ աչքի առնելով հաւանական սխալներ, այլապէս երկիրը իր ճակատագիրին ձգելով եւ սպասողական կեցուածք որդեգրելով կը վտանգենք մեր հայրենիքի ապագան մինչ երկիրը կը պարպուի իր ամենէն արժէքաւոր հարստութիւնէն՝ հայ ժողովուրդէն:

Back to Armenia

Write a Reply or Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *


*

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.